Լաւրով եւ Քերրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի հարցով:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի ողջունած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ կրակոցի դադրեցման մասին համաձայնութիւնը:
Այդ մասին կը նշուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Երկու երկիրներու դիւանագիտութեան պետերը համաձայնած են նպաստել շրջանին մէջ կացութեան կարգաւորման: