Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տէր Պետրոսեան. «Բանակցութիւններու Սեղանին Շուրջ Սերժ Սարգսեանը Պէտք Է Ունենայ Իր Ժողովուրդին Աջակցութիւնը»

April 12, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Levon_41116

Հայաստանի նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան ilur.am կայքին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղին առնչուող բանակցութիւններու սեղանին շուրջ Սերժ Սարգսեան պէտք է ուժեղ զգայ` ունենալով իր ժողովուրդին աջակցութիւնը:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ հայկական կողմը ի՛նչ դիրք պէտք է որդեգրէ սպասուող բանակցութիւններուն նկատմամբ` Տէր Պետրոսեան ըսած է. «Հայկական կողմը, բնականաբար, կարծր, բայց կառուցողական մօտեցումով բանակցութիւններու արդիւնքով պէտք է ձգտի ձեռք բերել առաւելագոյն կարելին: Իսկ ինչ կը վերաբերի ընդդիմադիր ուժերու եւ հասարակութեան դերակատարութեան, ապա ատիկա պէտք է ըլլայ ներքին տարակարծութիւնները ժամանակաւորապէս սառեցնելէ եւ ազգային համախմբուածութենէ բացի, ոչինչ աւելի: Հիմա սխալներու եւ բացթողումներու համար իշխանութիւնները մեղադրելու եւ անոնցմէ հաշիւ պահանջելու ժամանակը չէ: Պատերազմը շուտով զինուորական դաշտէն պիտի տեղափոխուի  դիւանագիտութեան կամ դժուարագոյն բանակցութիւններու ճակատ: Պաշտօնի բերումով այդ պատերազմի հրամանատարները մեր կողմէն պիտի ըլլան Սերժ Սարգսեանն ու Բակօ Սահակեանը: Եթէ նոյնիսկ Սահակեան անմիջականօրէն չմասնակցի բանակցութիւններուն, Սերժ Սարգսեանը ոչ մէկ պարագայի չի կրնար հաշուի չառնել անոր կարծիքը: Բանակցութիւններու սեղանին շուրջ Սերժ Սարգսեանը պէտք է ինքզինք ուժեղ զգայ` ունենալով իր ժողովուրդին  աջակցութիւնը: Բայց, միաժամանակ, արտաքին վտանգի պահերուն կարիքը ունենալով այդ աջակցութեան, անոր գլխաւորած վարչախումբը պարտաւոր է յստակ դրական քայլեր կատարելու, դէմքով շրջուելու դէպի ժողովուրդը, իրական պայքար մղելու փտածութեան, իրաւապահ մարմիններու կամայականութիւններուն, մենաշնորհներու սանձարձակութեան, ընտրակեղծարարութեան, պետական պաշտօնեաներու ամբարտաւանութեան դէմ: Իշխանութիւններու եւ հասարակութեան յարաբերութիւնները պէտք է կառուցուին ոչ թէ միակողմանի վերաբերմունքի, այլ փոխվստահութեան եւ փոխաջակցութեան վրայ: Կարելի չէ անհոգութեան ժամանակներուն  արհամարհել ժողովուրդն ու ընդդիմութիւնը, իսկ դժուարին պահերուն ակնկալել անոնց աջակցութիւնը», ըսած է Տէր Պետրոսեան:

 

 

Նախորդը

Իր Ձեռնարկած Այցելութիւններու Ծիրին Մէջ. ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ Լիբանանի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանին Հետ

Յաջորդը

Լաւրով. «Մոսկուան Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Կողմերը Կը Յորդորէ` Պահպանելու Զինադուլի Համաձայնութիւնը»

RelatedPosts

Արցախի Ազգային Ժողովի Լսումներ`  «Վերադարձ Արցախ. Խնդիրներ, Մարտահրաւէրներ,  Հնարաւորութիւններ» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողովի Լսումներ` «Վերադարձ Արցախ. Խնդիրներ, Մարտահրաւէրներ, Հնարաւորութիւններ» Նիւթով

December 12, 2025
Երեւան. «Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն  Փաստաթուղթը Միայն Կը Նպաստէ Շրջանին Մէջ  Խաղաղութեան Ջանքերուն»
Գլխաւոր լուրեր

Երեւան. «Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Փաստաթուղթը Միայն Կը Նպաստէ Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Ջանքերուն»

December 11, 2025
Հայ Գերիներուն Ազատութիւնը Պահանջող  Բողոքի Ցոյց` Երեւանի Մէջ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներուն Ազատութիւնը Պահանջող Բողոքի Ցոյց` Երեւանի Մէջ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Դիմաց

December 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.