
Երկուշաբթի, 11 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հասաւ Երեւան: Երկու վեհափառ հայրապետները յառաջիկայ օրերուն հանդիպումներ պիտի ունենան Հայաստանի ու Ղարաբաղի նախագահներուն հետ եւ իրենց զօրակցութիւնը պիտի յայտնեն հայոց բանակին` ի խնդիր Ղարաբաղի պաշտպանութեան:


