
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական «Ազատլըկ» թերթը, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի գլխաւոր ընդդիմադիր Ժողովրդական ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Ալի Քերիմլի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ ազրպէյճանական զինուած ուժերու ապրիլեան յարձակումին իբրեւ հետեւանք մեծ թիւով զինուորներ եւ սպառազինութիւն կորսնցնելուն առնչութեամբ յայտարարած է, որ տասնեակ միլիառաւոր տոլարներ ծախսած բանակը պէտք չէ շուրջ 100 սպաննուած զինուոր ունենար:
Ալի Քերիմլի դժգոհած է, որ ազրպէյճանական պաշտօնական շրջանակները ժողովուրդէն կը պահեն հայկական կողմի հակահարուածներուն պատճառով սպաննուած ազրպէյճանցի զինուորներու իսկական թիւը, որուն համար իրենք հարկադրուած այդ մասին տեղեկութիւնները ձեռք կը բերեն ընկերային ցանցերու վրայ անկախ լրագրողներու նշած տուեալներէն:
«Ազրպէյճանի իշխող` Ենի Ազրպէյճան կուսակցութեան կեցուածքը անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, որ վերնախաւին նպատակը ոչ թէ Ղարաբաղն է, այլ իշխանութեան պահպանումը», ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ Քերիմլի վերջերս ղարաբաղեան ճակատին վրայ ազրպէյճանական բանակի ձախողած զինուորական գործողութիւններուն առնչութեամբ երկրին քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարութեան ուղղուած քննադատական յայտարարութիւն կատարած էր:
Քերիմլի Դիմատետրի իր էջին վրայ յիշեցուցած էր Ազրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը «վերագրաւելու» մասին ամէն օր յորջորջուող` «պէտք ըլլայ` Ղարաբաղը պիտի գրաւենք» արտայայտութիւնը, եւ անոնց հարցուցած. «Է՜ ինչո՞ւ չկրցաք գրաւել»:
«Եթէ կը խօսիք բանակի բարձր պատրաստուածութեան, անկախ կրօնական, ազգային տարբերութիւններէն` հասարակութեան միասնականութեան, աշխարհի, դրացիներու, յատկապէս` Թուրքիոյ բարձր մակարդակի աջակցութեան, հակառակորդի դժուար վիճակի եւ խուճապի մէջ ըլլալու մասին, ապա ինչո՞ւ չկրցաք կատարել ձեր «պէտք ըլլան»: Կը խնդրեմ, այլեւս «պէտք ըլլայ…» տեսակի յայտարարութիւններ մի՛ ընէք, ատիկա լուրջի պիտի չառնուի», գրած էր ան:
Ազրպէյճանի իշխանութիւնները Ալի Քերիմլիի տան առջեւ կազմակերպած են բողոքի ցոյցեր, որոնց մասնակիցները զինք «դաւաճան», «հայամէտ» եւ «թշնամի» անուանած են:
Քերիմլիին զօրակցած է Ազրպէյճանի ընդդիմադիր եւ ժողովրդավար ուժերու «Ազգային խորհուրդ» դաշինքը:
Դաշինքին կողմէ այդ առնչութեամբ կատարուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «23 տարի անընդհատ «պէտք ըլլայ` Ղարաբաղը կը գրաւենք» յորջորջող վարչակարգի բանակը չէ կրցած ճիշդ գործողութիւններ վարել»:
«Իլհամ Ալիեւի կողմէ բազմիցս պնդուող «Հայաստանի պետական պիւտճէին հաւասար» պիւտճէ ունեցող մեր բանակը պէտք չէ այդքան կորուստ տար: Իշխանութիւնը մոռցած է, որ երկրի գերագոյն հրամանատարը եւ զինադուլի համաձայնագիրը ստորագրողը Իլհամ Ալիեւն է, եւ Ղարաբաղը Ալի Քերիմլիէն կը պահանջէ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Ազրպէյճանական զինուորական հետազօտութիւններու «Խազար» հիմնարկին տուեալներով` 1-5 ապրիլին, ազրպէյճանական կողմի կորուստը կազմած է 93 զինուոր, որոնցմէ 10-ն` ենթասպայ, 21-ը` սպաներ: «Խազար» տեղեակ դարձած է ազրպէյճանական կողմէ 21 վիրաւոր զինուորներ ըլլալուն մասին:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով, հանրապետութեան դէմ զինուորական սադրանքին հայկական կողմի ջախջախիչ հակահարուածին իբրեւ հետեւանք Ազրպէյճան կորսնցուցած է 2 ուղղաթիռ, 24 հրասայլ, 3 հետեւակի մարտական մեքենայ, 7 անօդաչու սարք, 1 ՄՄ 21 հրետանիի մարտական մեքենայ: Մարտական գործողութիւններու ընթացքին ազրպէյճանական բանակը կորսնցուցած է 500 զինուոր եւ ունեցած շուրջ 2000 վիրաւոր:


