Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Հաուայի Նահանգը Ճանչցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութիւնը

March 31, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hawaii_33016

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Հաուայ նահանգի Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչցող թիւ 167 բանաձեւը:

Հաուայը Միացեալ Նահանգներու եօթներորդ նահանգն է, որ կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Նախքան Հաուայը նոյնպիսի բանաձեւեր որդեգրած էին Քալիֆորնիա, Լուիզիանա, Ռոտ Այլընտ, Մասաչուսեց եւ Ճորճիա նահանգներու օրէնսդիր մարմինները:

Միաձայնութեամբ որդեգրուած բանաձեւը միջազգային հանրութեան կոչ կ՛ուղղէ` ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը, իբրեւ անկախ, ազատ եւ գերիշխան ժողովրդավարութիւն:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը մատնանշէ այն հետաքրքրական փաստը, որ ի հեճուկս Միացեալ Նահանգներու մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան կողմէ գործադրուած ճնշումին, բանաձեւին քուէարկութիւնն ու որդեգրումը տեղի ունեցաւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Ուաշինկթըն կատարելիք այցելութենէն 24 ժամ առաջ:

Ամերիկայի Հայ դատի Արեւմտեան շրջանի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Էլեն Ասատրեան նշեց. «Այսօր Հաուայ նահանգի ժողովուրդը կանգնեցաւ Արցախի ժողովուրդին անկախութեան եւ ազատութեան կողքին` ամուր կեցուածք որդեգրելով ընդդէմ այն ուժեղ լոպպիական աշխատանքին, որ նպատակ ունէր ոտնահարել ժողովրդավարութեան եւ գերիշխանութեան ամերիկեան ու հայկական հիմնարար սկզբունքները: Սրտանց երախտագիտութիւն կը յայտնենք ներկայացուցիչներ Անկուս Մըքքելուիին եւ Ճոն Միզունոյին` այս ջանքերը գլխաւորելու, ինչպէս նաեւ ամբողջ Ներկայացուցիչներու տան` այսպիսի դիրքորոշում որդեգրելու համար»:

Ասատրեան «Նիուզ»-ին յայտնեց. «Պատմական այս բանաձեւը Հաուայի նահանգի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ որդեգրուեցաւ միաձայնութեամբ: Բանաձեւը մեր կողմէ ներկայացուած է երկու շաբաթ առաջ, թէեւ կարգ մը փոփոխութիւններու ենթարկուեցաւ, բայց եւ այնպէս, հոն կը նշուի, որ կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը իբրեւ ազատ, անկախ, գերիշխան ժողովրդավարութիւն: Նաեւ բանաձեւը Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ նոյնը ընելու, այսինքն` ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը»:

Ըստ անոր, վերջին շրջանին Միացեալ Նահանգներու մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը հսկայական ճնշումներ կը գործադրէր հայամէտ բանաձեւերու դէմ, Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսը քաղաքէ-քաղաք կը շրջէր, սակայն յաջողեցանք յաղթահարել զանոնք, եւ բանաձեւը որդեգրուեցաւ միաձայնութեամբ:

«Յատկանշական է, որ բանաձեւը որդեգրուեցաւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Միացեալ Նահանգներ այցելութենէն մէկ օր առաջ: Անկեղծօրէն, հիմա մեր գործը քիչ մը դիւրացած է այն առումով, որ վերջին շրջանին Միացեալ Նահանգներու մէջ Ազրպէյճանի ու անոր ղեկավարութեան մասին այնքան բացասական տեղեկատուութիւն տարածուած է, որ այդ երկիրի մասին ընդհանուր պատկերացումներու լոյսին տակ աւելի դիւրին կ՛ըլլայ քոնկրեսականներու հետ աշխատիլը», ընդգծեց Ասատրեան:

 

Նախորդը

Անդրադառնալով Ալիեւի Համանախագահները «Սադրիչներ» Նկատելուն. «Մենք Միջնորդական Առաքելութիւն Կը Կատարենք` Կողմերուն Միջեւ Անկողմնակալութեան Հանդէպ Խիստ Յարգանքով» Կ՛ըսէ Նատալ

Յաջորդը

«Հայաստան. Ներդրումային Համաժողով» Նախաձեռնութեան Վերաբերող Քննարկում

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.