
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան ամերիկացի զինուորներու ընտանիքներուն Թուրքիոյ Ատանա, Իզմիր եւ Մուղլա նահանգներէն հեռանալու պահանջը հիմնուած չէ ահաբեկչական ուղղակի սպառնալիքի մը վրայ:
«Որոշումը որդեգրուեցաւ հիմնուելով վերջին շաբաթներուն Թուրքիոյ մէջ ապահովական կացութեան վերլուծութեան վրայ», ըսաւ Քըրպի:


