«Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, թէ «Եուրաքթիւ» կայքը հաղորդած է, որ այս տարուան առաջին կիսուն Եւրոպական Միութեան վերջին հերթական վեհաժողովը, որ նախատեսուած է 23-24 յունիսին, ամենայն հաւանականութեամբ չորս օրով պիտի յետաձգուի` Բրիտանիոյ մէջ երկրին Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ հանրաքուէին պատճառով:
Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ հանրաքուէն նախատեսուած է 23 յունիսին:


