Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿՈՄԻՏԱՍԵԱՆ ԵՒ ԴԱՍԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ՄԵՆԱՀԱՄԵՐԳ . ՀԱՆՐԱՃԱՆԱՉ ԹԵՆՈՐ ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ` ՀԱՅ ԵՐԳԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

September 12, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աղօթքն ու շարականը, սիրոյ, հայրենիքի, կարօտի, ըմբոստութեան եւ ազգայինին նուիրուած կոմիտասեան դասական հարազատ երգերը իրենց բիւրեղութեամբ, ամբողջականութեամբ եւ իւրայատկութեամբ Գէորգ Հաճեանի կողմէ երէկ` 11 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին հնչեցին Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ` ներկաները փոխադրելով Հաճեանի ստեղծած բացառիկ եւ ներկայիս դժուար գտանելի հայկականութեամբ հարուստ եւ բարձրորակ արուեստով լի աշխարհը: Շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ իր արժանաւոր զաւակով հպարտ այնճարահայութիւնն ու այս առիթով Լիբանանի տարբեր շրջաններէ յատուկ Այնճար ուղղուած լիբանանահայեր ապրեցան այնպիսի աննախընթաց պահեր, երբ մարդ ոչ միայն կ՛ըմբոշխնէ Գէորգ Հաճեանի մեկնաբանած դասական երգը եւ դաշնակահարներ Յասմիկ Գասպարեանի ու Տաթեւիկ Արթինեանի մատներուն տողանցքէն ծնունդ առած երաժշտութիւնը, այլ նաեւ կը վերնայ, մեներգիչին հետ կը բարձրանայ տարբեր գագաթներ, կը ծնրադրէ Բարձրեալին դիմաց, կը հաղորդակցի Կոմիտաս վարդապետին հետ, կ՛ալեկոծի տարբեր զգացումներով, կը պանծացնէ Երեւանն ու Հայաստանը եւ առաւել եւս ամրապնդուելով իր ազգային ինքնութեամբ` կը խոստանայ հայութեան արժանապատուութիւնը բարձր պահել ու տէր ըլլալ նախնիներու ժառանգութեան:

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի Կեդրոնական մարմինի, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական մարմինի յատուկ հրաւէրով Լիբանան հրաւիրուած «Շարական» համոյթի մեներգիչ, կոմիտասեան երգերու մեկնաբան եւ սփիւռքահայ տարբեր գաղութներու մէջ հայ երգը իր հարազատութեամբ ներկայացուցած Գէորգ Հաճեանի այս մենահամերգը կայացաւ Մուսա լերան 96-ամեակի հերոսամարտի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ:

Մենահամերգին բացման խօսքը արտասանեց Եսայի Հաւաթեան, որ համերգը իւրայատուկ նկատեց իր բնոյթով եւ խորքայնութեամբ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին մենահամերգի յաջողութեան:

Յատկանշական սկիզբով մը Գէորգ Հաճեանի առաջին երգը եղաւ կրօնական ու կրթական մարզերուն կողքին հայ հոգեւոր երաժշտութեան ծիրին մէջ իր մեծ դերն ու տեղը ունեցող Զարեհ արք. Ազնաւուրեանի լաւագոյն մշակումներէն «Յարեաւ Քրիստոս»ը, որուն յաջորդեց Կոմիտաս վարդապետի «Հայր մեր»ը` Դանիէլ Երաժիշտի կողմէ մշակուած, որուն ընդմէջէն Գէորգ Հաճեան աղօթեց համայն հայութեան համար եւ ի յիշատակ հայութեան համայն նահատակներուն:

Յաջորդ աղերսը ուղղուած էր Աստուածամօր` շուպերթեան հանրայայտ «Աւէ Մարիա»ով, զոր Հաճեան կատարեց վսեմաշուք շեշտով: Նոյնքան ներշնչող եւ գեղեցիկ էր Սեզար Ֆրանքի «Փանիս Անճելիքուս»ը:

Յաջորդիւ ամենայն վեհութեամբ եւ  աստուածային էութենէն բխող թրթռացումով հնչեց Աւագ հինգշաբթի օրուան` Խաւարման գիշերը կատարուող շարականներէն, Դանիէլ Երաժիշտի կողմէ մշակուած «Ո՞ւր ես մայր իմ»ը, որմէ ետք Տաթեւիկ Արթինեան հմայիչ կերպով նուագեց «Մարալի եւ Շուշիկի» կոմիտասեան երգը:

Ապա իւրաքանչիւր երգին յատուկ հնչեղութեամբ, շեշտադրումով, յուզականութեամբ եւ բովանդակութիւնը արտայայտող մեկնաբանական հմտութեամբ թենոր Գէորգ Հաճեան ներկայացուց Կոմիտաս վարդապետի «Էս առուն»ն ու «Շողեր ջան»ը, Առնօ Պապաջանեանի կողմէ մշակուած, Սայաթ Նովայի «Քանի վուր ջան իմ»ը: Հաճեան համերգին առաջին մասը եզրափակեց` ներկաներուն խանդավառութիւնն ու մագնիսացումը իր գագաթնակէտին հասցնող Էդկար Յովհաննիսեանի «Երեւան  Էրեբունի»ով: Մեներգիչը իր ձայնի ուժականութեամբ եւ մեկնաբանական արուեստով պանծացուց Երեւանը, անոր հմայիչ ու հայկական պատկերը ուրուագծեց հայութեան շատ սիրելի մայրաքաղաքը տեսնողներուն եւ զայն տեսնելու առիթը չունեցողներուն դիմաց իսկ:

Յայտագիրին երկրորդ բաժինին մէջ հիմնականօրէն տիրական էին սիրային եւ ազգային դիմագիծ ունեցող երգերը: Կոմիտասեան «Ձայն տուր ով ծովակ», «Չինար ես», «Ես սարէն կու գայի», «Քելէ, քելէ», «Լէ, լէ եաման» երգերը յաջորդեցին իրարու, Գէորգ Հաճեանի ճամբով ներկաները կամրջելով Կոմիտաս վարդապետի ներաշխարհին, անոր ապրած ու ստեղծագործած պահերուն եւ զգացական նուրբ աշխարհին:

Ապա Տաթեւիկ Արթինեան իբրեւ արհեստավարժ դաշնակահար ներկաներուն հրամցուց «արուն ա»ն, որուն փոխադրումը կատարած է Անդրէասեան:

Յաջորդող երգերը` «Հիմի է՞լ լռենք» եւ «Բամբ որոտան», իրենց ազգային բովանդակութեամբ եւ ուժգնութեամբ ներկաներուն մօտ ամրապնդեցին Հայ դատին եւ հայկական իրաւունքներուն համար պայքարելու  վճռականութիւնը: Գէորգ Հաճեան այս երգերը մեկնաբանեց բամբ շեշտով, վճռական հնչեղութեամբ, անարդարութեան դիմաց լուռ չմնալու եւ շեփորը միշտ հնչեցնելու կոչով:

Նախավերջին երգը ձօնուած էր մեր հայրենիքի խլուած այն հատուածին, որ ունեցած է տարբեր դեր ու արժէք եւ զոր տեսնելու ցանկութեամբ կ՛ապրի իւրաքանչիւր հայ… «Կիլիկիա»:

Վերջին երգը եղաւ նոր սկիզբ մը. Կոմիտաս վարդապետի «Հայաստան»ը երգած պահուն Հաճեան այնքան կորով, սէր, հմայք եւ բացարձակ արժէք տուաւ մեր հայրենիքին, որ իւրաքանչիւր ներկայ անգամ մը եւս հաւատաց, որ մօտ է այն օրը, երբ հայութիւնը ամբողջական ու միացեալ Հայաստանի մէջ համախմբուելով պիտի յարգէ յիշատակը մեր վարդապետին` «Հայաստան»ը հո՛ն հնչեցնելով, կրկին Գէորգ Հաճեանի բացառիկ կատարողութեամբ:

Գէորգ Հաճեանի կոմիտասեան եւ դասական երգերու մենահամերգը թէեւ վերջ գտաւ, սակայն անոր առթած ապրումները, մտածումները եւ յոյզերը իւրաքանչիւր ներկայ տարաւ իրեն հետ:

 

 

Նախորդը

ՍԱՐՔՈԶԻ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՇՈՒՐՋ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԿՐՆԱՅ ՄԵՏՎԵՏԵ՞ՒԸ ՓՈԽԱՐԻՆԵԼ

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-Ի ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.