Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Շիրակ իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Միքայէն:
Մրցումին աւարտէն կարճ ժամանակ առաջ գործուեցան իրաւարարական կոպիտ սխալներ, որոնց արդիւնքին լոյսին տակ դաշտին տէրը զրկուեցաւ փենալթի ստանալու քանի մը առիթներէ, կը յայտնէ ArmSport.am:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Հայաստանի իրաւարարներու յանձնախումբը` հիմնուելով մրցումին հսկող ֆետերասիոնին ներկայացուցիչին տուած անբաւարար գնահատականին վրայ, որոշեց որակազրկել կեդրոնի իրաւարարը` Զաւէն Յովհաննիսեանը:
Ցարդ չէ ճշգրտուած, թէ ան որքանո՞վ որակազրկուեցաւ: