Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, 25 մարտին Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան – Պիելոռուսիա ֆութպոլի բարեկամական մրցումը:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ այս մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Վրաստանէն, գլխաւորութեամբ` Կէորկի Վատաչքորիայի: