Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐՁԱԳԱՆԳ. ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐՈՒ ՓՆՏՌՏՈՒՔ

September 12, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առհասարակ փոխյարաբերական կեանքին հետ սերտօրէն առնչուած հասկացողութիւն է չափանիշներ որդեգրելու գործընթացը: Մտայնութիւն մը, որ ընդհանրացած օրինաչափութիւն է մարդկային առօրեային մէջ:

Խնդիրներ վերլուծելու եւ առողջ դատողութեամբ զանոնք քննարկելու ճիգերը յուսադրիչ աշխատանքի բնոյթ կը ստանան, եթէ անխախտ չափանիշն է անոնց մղիչ ուժը: Լուծումներ որոնելու համար իւրայատկութիւն է չափանիշ ունենալը, որուն արժէքը կը կայանայ անոր բաղադրիչ տարրերը ի մտի ունենալուն մէջ: Ներկայիս չափանիշներ կան, որոնք չարափոխուած են պատեհապաշտ մօտեցում ցուցաբերողներուն կողմէ: Երեւութապէս ապահով կարծուած այս չափանիշները վնասաբեր եւ վատառողջ տեսութիւններ են, որոնք կը սահմանափակեն մարդուն մտահորիզոնը եւ ստեղծագործելու հնարաւորութիւնները:

Սփիւռքեան պայմաններու մէջ ապրող հայորդին անմասն չէ նմանօրինակ երեւոյթէ, որ հետզհետէ բազմակողմանի վտանգներ յառաջացնելու սպառնալիքներով կը ներկայանայ: Համաշխարհայնացումը նորարարութիւններուն ընդարձակ ասպարէզն է, որով յաճախ դիւրամատչելի արժէքներ կը հրապարակէ` հեռու որակային չափանիշէ…: Մեթոտներ, որոնք նոյնիսկ ինքնութիւնը հարցականի տակ առնելու կործանարար ազդեցութիւն կրնան ունենալ մարդուն ներսիդին:

Բարոյական առումով, չափանիշներ յաճախակիօրէն կը չարափոխուին: Արժէքներ արժեզրկելը կարծէք ներկայ աշխարհին ընդօրինակած վարմունքն է, որ կը խլէ մարդուն ազատութիւնը, կը նենգափոխէ ճշմարիտը, կ՛ալեկոծէ խաղաղ հոգին եւ խաւարածին հնարքներով կը մթագնէ միտքերը: Տագնապի մատնող այս արտասովոր կացութիւնը քրիստոնէական աշխարհը յուզող հարցերէն մէկն է: Այսպէս, օրինակ, անցեալէն եկած, սակայն բոլոր ժամանակներուն պատշաճած, հինէն կտակուած, բայց ժամանակի նորութեան հետ քայլ պահած արժէքները սկսած են աննշան, անհաճոյ, անշուք եւ անբաղձալի նկատուիլ: Խորքին մէջ այդ արժէքները միայն պատմական յուշարձաններ չեն, այլ` ժողովուրդին փորձառութեան գանձարանն են, դարերու ընդերքէն հասած աւանդութեան ոսկեթել հիւսուածքն են: Աւելի՛ն. պատմական հոլովոյթին հերթական եւ տրամաբանական զարգացման փուլերուն շարունակականութիւնն են:Նոյնպէս փառահեղ սխրանքները յանկարծակի երեւումով գոյացած չեն, այլ ուրոյն չափանիշի հիմամբ կազմաւորուած վիճակներ են, որոնց խօսուն թելադրականութիւնը անմոռաց դասեր կը պարփակեն գալիք սերունդներուն:

Բարոյական ըմբռնումներ եւս կը չարափոխուին քմահաճ վերաբերմունք ունեցողներէ: Օրինակ`   ազատութեան ըմբռնումը աղաւաղուած է եւ զայն փոխարինած` սանձարձակութիւնը, որ անբնական կենցաղի անծայրածիր ճանապարհ կը հարթէ` մօտալուտ կորուստի ենթարկելով մարդ էակը:

Չարափոխուած չափանիշներ ակներեւ են համաքրիստոնէական լեզուամտածողութեան մէջ: «Holiday»ը սուրբ օր կը  նշանակէր: Նշանաբան մը, որ բարոյական դիմագիծ եւ դաստիարակիչ յատկութիւն ունէր, որովհետեւ մարդուն կրօնական պարտաւորութիւնները յուշող չափանիշ էր: Ներկայիս զայն փոխարինած է «weekend» կոչուածը, որ առաւելաբար ինքնանպատակ ակնկալիքներու եւ եսակեդրոն ծրագիրներ մշակելու տրամադրութիւն կը ստեղծէ: Ահաւասիկ կրօնաշունչ խորք ունեցող «holiday»ի փոխարէն` «weekend»ը ազդու, հրապուրիչ եւ շեշտակի ոճով  ուշագրաւ կը դառնայ… աւելին` ոմանք նոնիսկ «holiday»-ը իմաստազրկած են, զայն արձակուրդի հոմանիշ համարելով. մտածողութիւն մը որ չարափոխուած չափանիշներու տխրահռչակ հասկացութեամբ հանդէս կու գայ:

Վաւերական չափանիշը շինիչ եւ շահեկան սկզբունքներու համադրումն է, լաւը վատէն զատորոշելու ուղեցոյցն է եւ շփոթեցուցիչ ուղիներու դիմաց կանգնող մարդուն կողմնորոշման նպաստող ուղեգիծը:

Չափանիշներ ունենալու համար կրաւորական վիճակէն դուրս գալը, ձեւապաշտ մտածումէն հրաժարիլը, ինքնամփոփ եւ այլամերժ դիտարկումներէն, անձնակեդրոն եւ խաբուսիկ փափաքներէն խուսափիլը անհրաժեշտութիւն է, որով բացորոշ կերպով կը յայտնէ չափանիշ որդեգրելու հետքերը, նախանշան մը, որ դրական է եւ խրախուսիչ:

Կան մարդիկ, որոնք հայակերտումը նեղ շրջագիծի մէջ կը սահմանափակեն` զայն նկատելով սոսկ պատկանելիութեան խորհրդանիշ: Նման «օրինաչափութեան» հետեւողները մոռացութեան կ՛ենթարկեն գոյատեւման մարտահրաւէրը, որ այժմէական հանգամանք ունեցող իրողութիւն է: Արդեօք հայակերտումը հայու գոյապայքարին լուսեղէն ուղին չէ՞: Միթէ հայապահպանման առաքելութեան պարարտ ենթահողը չէ՞: Ժամանակի տագնապներուն եւ բարոյաքանդ երեւոյթներուն դէմ մերժողական կեցուածք ունենալու եւ ըստ այնմ մարտնչելու հայատրոփ կոչ մը չէ՞: Ոմանք Հայ եկեղեցւոյ սրբանուէր արժէքներուն կառչիլը անյետաձգելի պահանջ կը նկատեն` զայն համարելով հաւատքի արտայայտութիւն: Նմանատիպ մտածողութեամբ ընթացողներ հարկ է որ իմանան, թէ հոգեկերտումը եկեղեցապատկան ծառայութիւն է, սակայն անոր լրացուցիչ օղակը եկեղեցւոյ սրբազան աւանդին ջերմեռանդ պաշտպանը ըլլալուն մէջ կը կայանայ… համահայկակա՛ն հրաւէր:

Շատեր հայ գիրք կարդալը ինքնազարգացման կերպ կը սեպեն: Որոշակի իրականութիւն պարզող այս չափանիշը ամբողջական պատկեր կը ստանայ, երբ առաւելաբար գիրք կարդալը պայծառամիտ ընտրանիներուն հոգեմտաւոր գանձերուն հաղորդ դառնալու, գիրին եւ գրականութեան որոշադրիչ  դերակատարութիւնը մտաբերելու շարժառիթ կը հանդիսանայ:

Կարելի չէ հայու գոյութիւնը պատահականութեան վերագրել. նման մտածելակերպ համազօր է անտարբերութեան: Վաւերական հայը հաւատքի միջնաբերդով` եկեղեցիով իր հոգին կը սպառազինէ, մշակոյթի մշտավառ կանթեղով` գիրքով իր միտքը կը լուսազարդէ,աղօթաբոյր Նարեկացիով եւ լուսերգակ Շնորհալիով իր խիղճը կը պատուաստէ, այս ոչ միայն անմիջական կարիք է, այլեւ բարոյական պարտքն է եւ նուիրական կոչումը հայուն: Այդ կոչումը կ՛արժեւորուի, երբ բազմաբնոյթ խոչընդոտներով շրջապատուած հայը լուսաբաղձ տեսլականով յաղթական երթ երաշխաւորէ, յիշարժան դէպքերէն եւ պանծալի իրագործումներէն մեկնելով` աշխատանքային ուղեգիծ  ճշդորոշէ. այլ խօսքով, երբ հայադրոշմ ինքնութեան առաջնահերթ տուեալները  յայտնաբերէ այժմէական չափանիշներ ձեւակերպելու հրամայականէն առաջնորդուած: Ահա այն ատեն իրապաշտ բնորոշում կ՛ունենան որդեգրուած չափանիշները` դառնալով` իտէալներու ներշնչարան եւ լուսաշող ապագայի գրաւական:

ԽՈՐԷՆ ՔՀՆՅ. ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ

Հալէպ-Սուրիա

 

 

Նախորդը

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆ. ԽՈՐՀՐԴԱՏՈՒ ՓԻԼԻՍՈՓԱՆԵՐ Կ՛ԱՊԱՒԻՆԻՆ ՄԵԾ ՄՏԱԾՈՂՆԵՐՈՒ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ

Յաջորդը

«ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ ԷՐ ՏԵՍՆԵՐ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԻՐԱԿԱՆ ԴԷՄՔԸ». ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՖԼՈՐԱՆՍՈՒՄ ԱՊՐՈՂ ՀԱՅԱԶԳԻ ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾ ՎԻԳԷՆ ԱՒԵՏԻՍԻ ՀԵՏ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.