
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ակնունի» կոմիտէութեան Դաստիարակչական յանձնախումբին, երէկ, ուրբաթ, 18 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ սմսական դրութեամբ կայացող զրոյցներու շարքին երկրորդ հանդիպումը, որուն նիւթն էր Հայկական երեսփոխանական գրասենեակին դերն ու գործունէութիւնը: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ֆանարի «Ակնունի» ակումբին մէջ, օրուան բանախօսն էր Հայկական երեսփոխանական գրասենեակի գործավար Յակոբ Գառնէշեան:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց եւ ներկաները ողջունեց Րաֆֆի Տեմիրճեանը:
Ապա Յակոբ Գառնէշեան իր ներկայացման սկիզբը պատմական ակնարկով մը անդրադարձաւ Հայկական երեսփոխանական գրասենեակի աշխատանքներուն գործելաձեւին 1973 թուականէն մինչեւ օրս:
Յ. Գառնէշեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ լիբանանեան ընկերութեան մէջ ժողովուրդին համար երեսփոխանը այն անձն է, որ սպասարկութիւններ ընող պիտի ըլլայ, իր ժողովուրդին ունեցած բոլոր ակնկալութիւնները կատարելու համար: Սակայն իրականութիւնը այդպէս չէ, երեսփոխանը օրէնսդիր մարմինի ներկայացուցիչն է, եւ անոր գործը պէտք է ըլլայ առաջարկել այնպիսի օրէնքներու, որոնք ամէն գնով կ՛ապահովեն քաղաքացիին իրաւունքները: Ան աւելցուց, որ իտէալ պետութեան մը մէջ ինքնաբերաբար այդ կողմնակի սպասարկութիւններու կարիքը կը վերանայ եւ բոլոր քաղաքացիները անխտիր կը վայելեն իրենց իրաւունքները: Գառնէշեան սակայն, կարեւոր նկատեց գրասենեակին ներկայութիւնը գաղութին կեանքին մէջ, նկատի ունենալով, որ եթէ ժողովուրդը որոշ սպասարկութիւններէ զրկուի, պիտի դիմէ այլ գրասենեակներու:
Օրուան դասախօսը զրոյցի ընթացքին կեդրոնացաւ այն մարզերուն վրայ, ուր գրասենեակը կարողութիւն ունի օժանդակելու ոեւէ հայրենակիցի եթէ հարցի մը դիմաց գտնուի: Յ. Գառնէշեան անդրադարձաւ առողջապահութեան նախարարութեան եւ անոր տրամադրած օժանդակութիւններուն: Ան աւելցուց, որ ոեւէ քաղաքացի, որ անդամ չէ ընկերային ապահովագրութեան սնտուկին (Տաման), հիւանդութեան մը պարագային իրաւունք ունի դիմելու առողջապահութեան նախարարութեան, հիւանդանոցային ծախսերու գծով օժանդակութիւն խնդրելու նպատակով: Յ. Գառնէշեան ըսաւ, որ վերոյիշեալ նախարարութիւնը ունի դեղորայք հայթայթելու բաժին մը, ինչպէս նաեւ ընկերային ապահովագրութեան սնտուկ, որոնցմէ կարելի է օգտուիլ: Ան ներկայացնելէ ետք վերոյիշեալ առիթները, շեշտեց, որ գրասենեակը պատրաստ է օգնելու հայրենակիցներուն իր կարողութեան սահմաններուն մէջ:
Առողջապահական բաժինը ներկայացնելէ ետք Յակոբ Գառնէշեան անդրադարձաւ Հայկական երեսփոխանական գրասենեակի դատական հարցերով զբաղող բաժնին: Ան ըսաւ, որ գրասենեակը ունի խորհրդատուական բաժին, որ որեւէ հարցի պարագային պատրաստ է անվճար ցուցմունքներ տալու հայրենակիցներուն: Բանախօսը աւելցուց, որ գրասենեակը ունի այնպիսի փաստաբաններ, որոնք կ՛ըմբռնեն ժողովուրդին հոգեվիճակը եւ նիւթական գետնի վրայ ալ անոնք հասկացողութեամբ կը վերաբերին:
Օրուան դասախօսը նշեց, որ գրասենեակը նաեւ կը զբաղի վարձակալութեան նոր օրէնքին վերաբերող հարցերով` նկատի ունենալով, որ օրէնքը ի զօրու է 28 դեկտեմբեր 2014-էն եւ ի զօրու պիտի մնայ մինչեւ ներկայացուած վիճակումի վաւերացումը:
Աւարտին Յակոբ Գառնէշեան նշեց, թէ Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը կը քաջալերէ բոլոր այն երիտասարդները, որոնք կը փափաքին աշխատիլ պետական կառոյցներուն մէջ եւ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ կ՛օժանդակէ անոնց:


