
Հալէպահայ մեր պաշտօնակից «Գանձասար»-ը կը հաղորդէ, որ երէկ` 18 մարտ 2016-ի յետմիջօրէին, զինեալ խմբաւորումներ, Հալէպի մէջ խախտելով զինադադարը, Պոսթան Փաշայի շրջանէն ռմբակոծեցին Նոր Գիւղի շրջանը (Սահաթ Փեժօ): Ռմբակոծումին պատճառով զոհուեցաւ 1955-ի ծնունդ Նուարդ Ֆուրունճեան-Ասատուրեան, եւ վիրաւորուեցան այլ քաղաքացիներ, որոնց վիճակը մտահոգիչ է:


