Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ. «Արցախի Ճակատագիրը Երաշխաւորուած Է, Եւ Պէտք Է Ուշադրութիւն Դարձնենք Արցախի Ընկերային, Տնտեսական Ու Ժողովրդագրական Մարզերուն» Յայտարարեց Վարչապետ Արա Յարութիւնեան

Մարտ 16, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Haigazian1_31516

Հայկական կառոյցներու տուած իր այցելութեանց ծիրին մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան` գլխաւորելով Արցախի պատասխանատուներու պաշտօնական մէկ պատուիրակութիւնը, երեքշաբթի, 14 մարտ 2016-ին այցելեց Հայկազեան համալսարան, ուր դիմաւորուեցաւ համալսարանի եւ հայկական վարժարաններէ եկած հարիւրաւոր ուսանողներու, աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ տնօրէններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու կողմէ:

Հայկազեան համալսարանի ուսանողութեան անունով Ռազմիկ Գաբրիէլեան ողջունեց վարչապետն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը եւ ներկաները: «Մենք շատ լաւ կը յիշենք Արցախի ազատագրական պայքարը եւ այն ոգեւորութիւնը, որ ան յառաջացուց լիբանանահայութեան մօտ: Առաջին անգամն է, որ հայութիւնը յաջողեցաւ զէնքի ուժով ազատագրել մեր հայրենի բնօրրանէն հողամաս մը, քայլ մը, որ կարծէք  նախանշանը կ՛ըլլար այն անկիւնադարձին, որ վերջ տուաւ մեր զինուորական պարտութիւններուն», ըսաւ Գաբրիէլեան եւ աւելցուց. «Արցախեան յաղթանակներու պտուղը սկսած ենք քաղել, եւ այսօր ազատ ու անկախ Արցախը մեզի հաստատեց, որ յաջողելու համար պէտք է ըլլանք միասնակամ, տեսիլք ունենանք եւ հաւատք մեր կարողութեան»:  Ապա ան բեմ հրաւիրեց համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը: Իր ողջոյնի խօսքով, վեր. Հայտոսթեան յիշեցուց, թէ Արցախի վարչապետը հինգ տարի առաջ եւս այցելած էր Հայկազեան համալսարան եւ օրին պարգեւատրուած` համալսարանի 55-ամեակի մետալով: «Այսօր ան իր ժամադրութիւնը շատ լաւ յարգելով եկած է, եւ մենք դարձեալ կը պատուենք զինք  60-ամեակի շքանշանով»: «Որքան ալ անցեալը երկար եղած ըլլայ, Արցախը կը վերաբերի ապագային, եկէք մտածենք ապագայի մասին», ընդգծեց վեր. Հայտոսթեան` բեմ հրաւիրելով Արցախի վարչապետը:

Haigazian2_31516

Իր կարգին, վարչապետ Յարութիւնեան վեր. Հայտոսթեանը պարգեւատրեց Արցախի անկախութեան  25-ամեակի մետալով եւ Ղարաբաղի խորհրդանիշով: Ան այս առիթով պատմական յետադարձ ակնարկով յիշեցուց, թէ Արցախը պատմական Հայաստանի անբաժան մէկ մասնիկը եղած է եւ պահած իր ինքնուրոյն վիճակը, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, սակայն 1920-ական թուականներուն, խորհրդային իշխանութեան օրով, բռնի կերպով նուէր տրուած է ազրպէյճանցիներուն, «ինքնավար» կարգավիճակով: Վարչապետը յայտնեց, որ ինք ծնած է Արցախի մէջ եւ ապրած արցախցիներու կրած դառնութիւնները, սպիտակ ցեղասպանութիւնը, երբ հայկական դպրոցները կը փակուէին, զրկուած էին հայկական պատկերասփիւռ կամ ձայնասփիւռ լսելէ: Ան նշեց արցախեան պատերազմն ու 12 մայիս 1994-ի հրադադարը եւ այնուհետեւ Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը, ուր կայ տնտեսական  ու ժողովրդագրական աճ: Արցախի հայութիւնը ապրեցաւ պայքարի, ըմբոստութեան մթնոլորտի մէջ` մինչեւ 1988-ի պոռթկումն ու անկախութիւնը 1991-ին: Վարչապետ Արա Յարութիւնեան խիստ բարձր գնահատեց Պէյրութի վարկն ու դերը հայապահպանման իմաստով` զայն նկարագրելով իբրեւ սփիւռքի սիրտը`  ազգային, քաղաքական թէ տնտեսական առումով:

Իր խօսքի փոխանցման թէ հարցումներու պատասխանած միջոցին վարչապետ Յարութիւնեան յաճախակիօրէն ընդմիջուեցաւ ներկաներու ծափողջոյններով: Ան կոչ ուղղեց լիբանանահայ երիտասարդութեան այցելելու Արցախ եւ շէնցնելու ու զարգացնելու հայրենի այս հողամասը մարդուժով թէ տնտեսական հզօրանքով: Ան յայտնեց, որ այսօր Արցախի բնակչութիւնը կը հաշուէ աւելի քան 150 հազար հայ: Ան դրուատիքով յիշեց ԱՌԻ-ի  (Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ) բարգաւաճման գործունէութիւնը Արցախի մէջ: Ան նշեց, որ 2008-ին աւելի քան եօթը հարիւր զոյգ հաւաքական ամուսնութիւն կնքած են ռուսահայ բարերար Լեւոն Հայրապետեանի կնքահայրութեամբ: Պատասխանելով Արցախի գծով ազրպէյճանական յատկապէս ներկայիս շեշտուող  յոխորտանքներուն  մասին «Ազդակ»-ի հարցումին` վարչապետ Յարութիւնեան յիշեցուց, թէ անոնք 1988-էն ի վեր կը  յայտարարեն նոյն բանը, պատերազմ յայտարարեցին հայաթափելու համար ամբողջ Արցախը, 12 մայիս 1994-ին զինադադար կնքուեցաւ եւ 13 մայիս 1994-էն դարձեալ կը պնդեն նոյնը: «Այսօր Արցախի պաշտպանութեան բանակը պատրաստ է դիմակալելու որեւէ սադրանք: Մենք կը հետեւինք ազրպէյճանական բանակի զինական զարգացման ուժականութեան, անոնց ձեռք բերած զինական նոր սարքերուն, թեքնիքներուն, եւ համոզուած եղէք, որ Արցախի ճակատագիրը այդ առումով երաշխաւորուած է, եւ պէտք է աւելի ուշադրութիւն դարձնենք Արցախի ընկերային, տնտեսական եւ ժողովրդագրական մարզերուն», նշեց վարչապետ Յարութիւնեան:

Նախորդը

Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Նախագահն Ու Փոխնախագահը Այցելեցին «Ազդակ»

Յաջորդը

Վարչապետ Յարութիւնեան Հանդիպեցաւ Լիբանանցի Գործարարներու Հետ

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?