
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան «Հայլուր» լրատուական յայտագիրին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ եթէ պատահի, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը ապահովէ Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի իր տոմսը, հայ ֆութպոլիստները պիտի ստանան 3 միլիոն եւրօ:
Հայրապետեան ըսաւ, որ պիտի յարգէ իր խոստումը, որ տուած էր տարի մը առաջ:
Ան աւելցուց ըսելով, որ Հայաստանի մէջ գտնուող մեծ ընկերութեան մը տնօրէնը` Մաքսիմ Յակոբեան, իր կարգին մրցանակներ խոստացած է հայ ֆութպոլիստներուն:
Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը ցարդ զտումի երկու մրցում ունի կատարելիք: Հայաստան իր յաջորդ մրցումին պիտի հիւրընկալէ Մակեդոնիան, իսկ վերջինին հիւրը պիտի ըլլայ Այիրի:
Երկու յաղթանակ արձանագրելու պարագային, Հայաստան պիտի ապահովէ փլէյ-օֆի մրցումներուն իր տոմսը (ընդամէնը ութ խումբ) եւ յոյս պիտի ունենայ ապահովելու աւարտականներուն իր տոմսը:
Այլ գետնի վրայ, այսօր` ուրբաթ, 9 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը:


