Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդդիմադիր 6 Ուժերու Միացեալ Հաւաք-Երթը` Ի Յիշատակ Մարտ 1-ի Զոհերուն

March 2, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

havak-(2)_030116

1 մարտին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ընդդիմադիր 6 ուժերու միացեալ հաւաք-երթը` ի յիշատակ 1 մարտ 2008-ի դէպքերու զոհերուն:

Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայ ազգային քոնկրեսի, Նոր Հայաստանի ու Հայաստանի ժողովրդական կուսակցութեան, Պարոյր Հայրիկեանի ղեկավարած Ազգային ինքնորոշում միաւորումի, Աշոտ Մանուչարեանի «Հայաստան» նախաձեռնութեան ու Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած Քաղաքացիական պայմանագիրի հետեւորդները:

Միասնական հաւաք-երթին կարգախօսն էր «Ընդդէմ պետական ահաբեկչութեան», անոր կը հսկէին ոստիկանները, որոնք մեխակներ բռնած էին: Երթին մասնակիցները ուղղուած են դէպի Ալեքսանդր Միասնիկեանի արձանը` մահացածներուն յիշատակը յարգելու համար:

Անկէ առաջ Ազատութեան հրապարակին վրայ կայացաւ Նոր Հայաստան միաւորման, Հայաստանի ժողովրդական կուսակցութեան եւ Հայ ազգային քոնկրեսի միացեալ հաւաք:

Հայ ազգային քոնկրեսին կողմէ բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արամ Մանուկեան եւ նշեց, որ հանրահաւաք տեղի պիտի չունենայ, որովհետեւ 1 մարտի զոհերուն հարազատները չեն ուզած, որ այս օրուան հաւաքը ծառայէ քաղաքական նպատակներու:

Փաստաթուղթին իրենց ստորագրութեամբ միացած կազմակերպութիւնները պահանջեցին հետեւողական ըլլալ մարտ 1-ի կազմակերպիչներն ու գործադրողները պատասխանատուութեան կանչելու եւ դատելու գծով:

 

 

Նախորդը

Սումկայիթի Ջարդերը Դատապարտող Ցոյց` Նիւ Եորքի Մէջ

Յաջորդը

Օհանեան. «Պատրաստ Ենք Մեր Երկիրը Եւ Մեր Երկրի Սուրբ Մասը Հանդիսացող Արցախը Պաշտպանելու»

RelatedPosts

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ  Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման  Մարմիններու Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

October 26, 2026
Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին  Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է  Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով
Գլխաւոր լուրեր

Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով

October 26, 2026
Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին
Հայկական

Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.