
Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման շուրջ 25 փետրուարին ծաւալած բուռն քննարկումները քուէարկութեան հանգրուան չհասան: «Արմէնփրես»–ը` Հանրային ձայնասփիւռի կայանէն` «Ռատիոլուր»-էն յղում կատարելով կը տեղեկացնէ, թէ իշխող համախմբական կառավարութեան եւ բանաձեւի ընդունումը նախաձեռնած «Դաշինք 90/Կանաչներ» կուսակցութեան ներկայացուցիչներու իրերամերժ դիրքորոշման ու գնահատականներու արդիւնքով որոշուեցաւ բանաձեւը յետս կոչել` լրացուցիչ մշակման համար: Նախատեսուած 45 վայրկեանէ աւելի տեւած քննարկումներու աւարտին յառաջ եկաւ բանաձեւի քուէարկութեան նպատակայարմարութեան մասին հարցը, որովհետեւ իշխող Քրիստոնեայ – դեմոկրատական միութիւն/Քրիստոնեայ – ընկերային միութիւն դաշինքի ներկայացուցիչները յայտարարեցին, որ այժմ այս պայմաններուն մէջ ու այս տեսքով բանաձեւի քննարկումը աննպատակայարմար է: Ցեղասպանութեան հարցով հայամէտ դիրքորոշում ունեցող ձախերը եւս ձեռնպահ մնացին` յայտարարելով, որ բանաձեւը այս տեսքով իրենց չի բաւարարեր եւ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ սեփական բանաձեւով հանդէս կու գան 24 ապրիլին ընդառաջ: Այս բոլորին արդիւնքով կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Էօզտեմիր իշխող համախմբական կառավարութեան առջեւ յառաջ քաշեց բանաձեւը յետս կոչելու նախապայմաններ` բանաձեւը պէտք է ներկայացուի մինչեւ 24 ապրիլ եւ ներառէ երեք դրոյթ` յստակ բովանդակութեամբ յայտարարուի, որ 1915-¬ի դէպքերը Ցեղասպանութիւն են, ընդունուի Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը եւ Գերմանիան պատասխանատուութիւն ստանձնէ` նպաստելու հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման հոլովոյթին:


