Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՅԱՐԱՏԵՒ ԲԱՐԵՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ԽՈՆԱՐՀԱԲԱՐ

September 8, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Ոսկի Կերեքմեզեան մկրտարանի բացման պահուն

Նոր Սիս թաղամասի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը «Ազդակ» օրաթերթին միջոցով տեղեակ պահեց հաւատացեալ ժողովուրդը` եկեղեցւոյն մկրտարանին վերանորոգութեան եւ օծման արարողութեան մասին` 21 օգոստոսին կիրակի օր, ձեռամբ թեմի  առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի:

Վերանորոգուած եւ ընդարձակուած գեղակերտ մկրտարանին բարերարն է նոյն թաղի նախկին բնակիչ Սարգիս Կերեքմեզեան:

Առիթը յարմար նկատեցինք հանդիպում մը ունենալու մեր ազգային բարերարին հետ, որ արձակուրդի օրերը կ՛անցընէ Մեթնի Պոլոնիա գիւղին մէջ:

Առանց ժամադրութեան` կ՛այցելեմ իրեն իբրեւ բարեկամ եւ ծանօթ բարերար, կը շնորհաւորեմ իր այս նոր բարերարութիւնը: Յիշենք, որ Սարգիս Կերեքմեզեանի եւ իր ընտանիքին անդամներուն համար սիրելի է Նոր Սիս թաղամասը` իր սուրբ Սարգիս եկեղեցիով եւ անոր հովանին վայելող Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է: Զինք ճանչցած եմ այս կրթական յարկին տակ իբրեւ լուռ ու լուրջ եւ փայլուն աշակերտին, իր նկարագրին այս գիծը պահեց մինչեւ հասուն տարիք, իր գործունէութեան ընթացքին: Ան եղաւ վարպետ արհեստաւոր եւ գործարար, Արաբական ծոցի Ապու Տապի շրջանին մէջ, ուր կը շարունակէ իր աշխատանքը մօտ 40 տարիներէ ի վեր:

Գիւղի ամառնային իր բնակարանին մէջ գաւաթ մը սուրճի շուրջ կը զրուցենք: Ազգային հարցեր, ներկայ օրերու քաղաքական եւ տնտեսական տագնապներ կ՛արծարծենք: Ինք հետեւող է արաբական եւ հայկական մամուլին, լրատուական միջոցներու, ունի իր անհատական տեսակէտները, մեկնաբանութիւններ կը կատարէ` քաղաքացիի մը բնական մտահոգութիւններէն տարուած: Կը կեդրոնանանք հայ ազգային մեր կեանքին վրայ, որուն բարօր ընթացքին յուսացողն է: Իր մաղթանքին կը միացնէ իր հնչուն օժանդակութիւնը, երկար տարիներէ ի վեր, լիաբուռն եւ սրտաբուխ, ոչ մէկ պոռոտ կամ ինքնագով արտայայտութիւն այս կապակցութեամբ:

Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Ոսկի Կերեքմեզեան առաջնորդ սրբազանին հետ

Տուածը տուաւ, ու վե՛րջ, իր այս կեցուածքովը ինծի կը յիշեցնէ մանկութեան օրերէն իմ սորված մէկ նախադասութիւնը, որ տպուած էր մեր թաղի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ատեանին մէկ պատէն կախուած մետաղեայ գանձանակին վրայ, ուր հաւատացեալներ լումաներ կը մուծէին: Հոն գրուած էր գրաբարով. «Զտուր զուարթ առատս սիրէ Աստուած»: Բառերը անհասկնալի չէին, քիչ մը յամեցայ «Զտուրս»ին վրայ եւ վերծանեցի, թէ «տալ» բառին կը հետեւի «տուր»ը, որուն առջեւը կցուած է գրաբարեան «Զ» տառը: Թարգմանութիւնը` «Զուարթ եւ առատ տուողը Աստուած կը սիրէ»…

Սարգիս Կերեքմեզեանը կը պատկանի աւետարանական այս պատգամին հետեւող բարեպաշտ անձերու «տեսակին»: Իր կինը` Ոսկին, կը հետեւի ամուսնոյն օրինակին` միշտ գտնուելով մեր բազմատեսակ ձեռնարկներուն, նուիրատուի նոյն տրամադրութեամբ:

Հարցում մը ուղղեցի զրուցակիցիս. «Ընկ. Սարգիս, քանի՞ տարիէ ի վեր նուիրատուութիւն կը կատարէք, ու կը ներէք հարցումիս»:

Ան պահ մը խորհրդածեց, հաւանաբար` հաշուելու համար տարիները, ապա պատասխանեց.

– 1979-էն ի վեր:

Ուրեմն` մօտ 32 տարիէ ի վեր: Կարելի՞ է մօտաւոր գումար մը ներկայացնել մտովի` մեկնելով տարեկան իր կատարած նուիրատուութիւններէն: Այս ոլորտին մէջ առիւծի բաժինը կ՛երթայ Նոր Սիս թաղամասի ազգային կառոյցներուն, ուր կը գործեն ԼՕԽ-ի «Արշալոյս Ազիրեան» մասնաճիւղը, Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը, Ս. Սարգիս եկեղեցին` իր թաղական խորհուրդով, ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէն` իր յարակից կառոյցներով: Ս. Կերեքմեզեան իր տարրական պարտքը կը համարէ «տալը» յիշեալ կառոյցներուն կազմակերպած զանազան ձեռնարկներուն առիթով:

Նոր Սիսի այս միջավայրէն դուրս, կան նաեւ օգտակար ըլլալու հարցը մեր մամուլին, լիբանանահայ այլ կառոյցներէ եկած օժանդակութեան առաջարկին, գիրքերու մեկենասութեան, կողմնակի տրուած կարօտ պարտականութիւնը կը թողում ընթերցողին:

Մեծագումար այս նուիրատուութիւններու շարունակութիւնը, առանց դադարի, կարելի է մեկնաբանել աստուածաշնչական բանաձեւով:

Ինչպէս կ՛ըսէ ժողովուրդը` «Իր սեղանը միշտ բաց է», ժպտուն եւ անկեղծ տրամադրութեամբ:

մաղթենք, որ 21 օգոստոս 2011-ին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ վերանորոգ օծումով իրագործուած մկրտարանը ունենայ հայ ընտանիքներու նոր ծնունդները մկրտելուն բազում առիթներ` «Հաւատքով, յոյսով եւ սիրով»:

Վա՛րձքդ կատար, սիրելի՛ ընկեր Սարգիս:

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

 

Նախորդը

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՅԺՄ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Յաջորդը

ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ` ՍԼՈՎԱՔԻԱ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.