30 երկիրներէ Ճաքարթա հաւաքուած 35 արուեստագէտներ մասնակցած են Ճաքարթայի «Նաս Էքսփոլ» սրահին մէջ կայացած «Կրկին երկրագունդը նկատի ունենալ» բնաբանով ցուցահանդէսին, ուր արուեստագէտները իրենց գործերուն ընդմէջէն արծարծած են երկրագունդի վերաբերեալ հրատապ հարցեր:
Ձեռնարկին բացման հանդիսութիւնը կատարած է Ողիմպիականի «Ֆայն արթս» ընկերութեան նորընտիր նախագահ եւ Լիբանանի ներկայացուցիչ Լենա Քելեքեան: Ձեռնարկը հովանաւորած է Ճաքարթայի կառավարիչ դոկտ. Ֆաուզի Պաուու. հանդիսութեան ներկայ գտնուած են նաեւ «Անշուլ» համալիրի տնօրէն Պուտի Քարիա, դեսպաններ, դիւանագէտներ եւ այլ հիւրեր:
Իր խօսքին մէջ Քելեքեան նշած է, որ հպարտ կը զգայ ներկայացնելու իր Լիբանան հայրենիքը եւ Ինտոնեզիոյ արուեստասէր ժողովուրդին հրամցնելու Լիբանանի մշակութային եւ քաղաքակիրթ դիմագիծը:
Ձեռնարկին աւարտին Քելեքեան կառավարիչին նուիրած է իր անձնական փետուրով գծուած վերջինիս դիմանկարը, իսկ «ՆԱՍ»ի տնօրէնութիւնը Քելեքեանը պատուած է շքանշանով:
Նշենք, որ Քելեքեան Ողիմպիական «Ֆայն արթս» ընկերութեան նախագահ ընտրուած է 2011-2013 տարեշրջանին համար: Ան սեպտեմբերին պիտի մասնակցի Սպանիոյ եւ Խրուաթիոյ մէջ, եւ հոկտեմբերին Հնդկաստանի մէջ տեղի ունենալիք ցուցահանդէսներուն:


