ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԱՆ
«Օտարն սիրում է իբրեւ մեզ հիւրի,
Եւ մեր հացն ու ջուր դարձնում է լեղի»
Ա. Ժամկոչեան
Մենք բան չենք ուզեր մեր հայրենիքէն,
բացի մեր գիւղէն, որուն մէջ կ՛ապրինք,
ու կը մշակենք հողը մեր արտին
ու փառք կու տանք մենք, ազատ մեր երկրին:
Ապրումներն այս մենք կ՛երազէինք
երկար տարիներ օտարութեան մէջ,
եւ հիմա առիթ տրուեցաւ մեզի,
որ երազը մեր դարձնենք գործի:
Հայրենիքը մեր նպատակ էր միշտ,
հայ գիւղացիին ըլլալ բարեկամ,
որ հողին փարած կ՛աշխատի տենդով
եւ հպարտ կը զգայ իր հայրենիքով:
Բայց մարդիկ ալ կան, որ դժբախտ կ՛ապրին
ու կը գանգատին իրենց ծոյլ կեանքէն:
«Երկիրը երկիր չէ» կ՛ըսեն օրն ի բուն
ու իրենց տունը անտէր կը թողուն:
Այսպիսիները թող լաւ հասկնան,
ուր որ ալ երթան, նոյնը կը մնան,
երբ չունին կորով, աշխատելու կամք,
ու հայրենիքէն լոկ զզուանք կը զգան:
Օտարի երկրին ապրիլը հեշտ չէ,
օտարը մեզի «օտար» կ՛անուանէ:
Հայաստանն է մեր սուրբ օճախը,
որ կեանքը մեր այս կ՛իմաստաւորէ:
Ուշի Գ.


