18 փետրուարին` ժամը 13:00-ին, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, դեռ չպարզուած հանգամանքներով, զոհուած է պաշտպանութեան բանակի զինուորական ծառայող, 1997-ի ծնունդ Դաւիթ Տէրտէրեան:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի մամլոյ ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինուորական ծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: