ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ
1565 տարի առաջ տեղի ունեցած դէպքը միշտ ալ մարտահրաւէրի առջեւ դրած է հայ ժամանակակից քաղաքական միտքը այն իմաստով, որ ինչպէ՛ս կարելի է այժմէական դարձնել անոր փոխանցած պատգամը: Փաստօրէն, Վարդանի եւ իր զօրական ընկերներուն հերոսականը պատահական դէպք մը չէ եղած հայոց պատմութեան մէջ, այլ կոչուած եղած է իր որոշադրիչ դրոշմը ձգելու հայ մտածողութեան եւ ազգային ինքնութեան վրայ: Քանի մը առանցքներ կան այն խորհուրդին մէջ, որ դարերու խորքէն մեզի կը փոխանցուի` իբրեւ ազգային գաղափարախօսութեան անբաժանելի մաս: Ուրեմն, առանձին-առանձին կը դիտարկենք իւրաքանչիւր առանցք:
Քաղաքական Գաղափարապաշտութիւնը`
Ընդդէմ Գործնապաշտութեան
Եղիշէ պատմիչը շատ իտէալական երանգներով ներկայացուցած է Վարդանանց ճակատամարտի անձուդարձերը եւ հիմնական դերակատարները: Միգուցէ ըլլան ուսումնասիրողներ եւ պատմաբաններ, որոնք պնդեն, որ Վասակ Սիւնիի քաղաքական ուղիին գծով անարդարութիւն մը արձանագրուած է: Սա կրնայ ճիշդ ըլլալ կամ ոչ, բայց եթէ խնդիրը դիտարկուի ազգային ինքնութեան կազմաւորման մեկնակէտէն, ապա կը տեսնենք, որ դարեր առաջ պատահածը, որ նաեւ հիմա կը շարունակուի, ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ հայ քաղաքական մտքին մէջ առճակատումը քաղաքական գաղափարապաշտութեան եւ գործնապաշտութեան միջեւ:
Քաղաքական առօրեային մէջ «ճկունութիւն»-ը, «քաղաքական առեւտուր»-ը սովորական եզրեր են ներկայ ժամանակաշրջանին, ուր սկզբունքայնութիւնը այդքան քաշողականութիւն չունի քաղաքական ասպարէզին մէջ գործող մարդոց համար, բայց հիմա եւս մահ ու կենաց վիճակներ կան, ինչպէս որ կային 1565 տարի առաջ: Այն ժամանակ Վարդանանք ընտրեցին քաղաքական անզիջողականութիւնը` հաւատքի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան հարցով: Անզիջում սկզբունքայնութիւնը, սակայն անոնց մօտ շաղախուած էր, գիտակցուած ու խոր գաղափարականութեան հետ, որ իբրեւ սկզբնակէտ առած էր աւետարանական ուսուցումները:
Այո՛, զինուորապէս պարտուեցան պատերազմի դաշտին վրայ, բայց անոնց ստեղծած քաղաքական սկզբունքայնութեան, գաղափարապաշտութեան ուղին շարունակեց ներգործել հայ քաղաքական մտքին մէջ, մինչեւ որ եկան Վահանեանք, եւ այն ինչ որ Վարդանանք չկրցան ընել պատերազմի դաշտին վրայ, ըրին իրենք` իրենց այդ իրագործումը ամրագրելով Նուարսակի պատմական դաշնագիրով:
Այսօր ալ, ինչպէս վերը նշեցինք, առճակատումը առկայ է հայ քաղաքական մտքին մէջ գործնապաշտութեան ջատագովներուն եւ գաղափարապաշտներուն միջեւ: Առկայ մարտահրաւէրներուն հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուիլ վերջ ի վերջոյ: Վարդանանք կտրուկ էին իրենց մօտեցումներուն մէջ` հայրենիքի եւ հաւատքի պաշտպանութեան հարցին մէջ: Այսօր ալ եթէ ըլլային անոնք, նոյնպէս պիտի վարուէին ազգը վտանգող երեւոյթներուն, թշնամիներուն, ուծացման եւ ձուլման երեւոյթներուն դէմ:
Մարտական Քրիստոնէութիւն
Վարդանանց հաւատամարտին ընդմէջէն մենք առաջին անգամ ըլլալով հայոց պատմութեան մէջ կը հանդիպինք աննախադէպ երեւոյթի մը, երբ քրիստոնէութիւնը պահուան մը համար մէկդի կը ձգէ իր խաղաղասիրական դիմագիծը եւ ամբողջութեամբ կը ներկայանայ իբրեւ զինուորեալ հաւատքի կրօն` մարտական դիմագիծով:
Հաւատամարտէն առաջ չէ եղած որեւէ դէպք, երբ հայկական քրիստոնէութիւնը մարտական դիմագիծով հանդէս եկած ըլլայ: Այսպիսով ալ, պատմական փորձով Վարդանանք ապացուցած են, որ քրիստոնէութիւնը սխալ ու թերի հասկցուած խաղաղասիրական ուսմունքը չէ, այլ ի պահանջել հարկին գաղափարական զէնք է, որ հայրենիքի ու հաւատքի զինուորները կը մղէ դէպի իմացեալ մահուան գիրկը:
Քրիստոնէական ուսմունքի այս մարտական պատկերացումին ձեւաւորման մէջ անշուշտ իրենց դերակատարութիւնը ունեցան` օրուան քահանաները Ղեւոնդ Երէցի գլխաւորութեամբ: Անոնք աշխարհազօրայիններուն եւ կանոնաւոր բանակին մէջ մտնելով զանոնք բորբոքեցին յեղափոխական գաղափարով, հրահրեցին բազմութիւնները պարսիկ կեղեքիչին դէմ, ամրապնդեցին մարդոց հաւատքը իրենց սեփական ուժին նկատմամբ: Այլեւս քրիստոնէութիւնը միայն աղօթքի կրօն ըլլալու փոխարէն վերածուեցաւ մարդիկը կեղեքումին դէմ ըմբոստացումի մղող ուսմունքի:
Այսօր որքա՛ն կարիքը կայ վերստին ծանօթանալու այդ էապէս յեղափոխական քրիստոնէութեան աւանդութիւններուն:
Ազգային Գաղափարախօսութեան Մշտանորոգ Ներշնչարան
Երբ ազգային զարթօնքը սկսաւ հայութեան մէջ, հայութեան մտաւորական վերնախաւը սկսաւ որոնել հայոց հնագոյն ժառանգութենէն մնացած այն իրադարձութիւնները, որոնք պիտանի էին կազմաւորելու հիմքը հայ ազգային գաղափարախօսութեան: Հետագային ալ, երբ կամաց-կամաց աւելի սկսաւ ձեւ առնել հայ ազգայնութիւնը, անոր գաղափարախօսները, տեսաբանները չէին կրնար անտեսել Մամիկոնեաններու դերակատարութիւնը հայոց ազգային պատմութեան մէջ:
Միշտ հայոց կեդրոնական պետութեան ամրապնդման ու պաշտպանութեան զօրակից Մամիկոնեանները Վարդանանց ճակատամարտով նոր յատկանիշ ստացան` հայրենիքի եւ հաւատքի համար ինքնազոհողութեան երթալու յատկանիշը: Արդէն կար «Մամիկոնէից ուխտ»-ի հասկացողութիւնը, որ «իմացեալ մահու» հասկացողութեամբ կը տոգորէր հայութեան մարտական բազուկը, եւ իրաւամբ ալ այս «ուխտ»-ը հայ ժամանակակից ազգայնական մտքին համար ներշնչման աղբիւր հանդիսացաւ:
Վարդանանք, Աւարայր, Եղիշէ պատմիչ, Ղեւոնդեանք եւ աւելի ուշ Վահանեանք իրենց կարեւորութեամբ, անոնց մասին գրուած հսկայական գրականութիւնը մէկական ներչնչման աղբիւրներ են հայ ժամանակակից ազգային գաղափարախօսութեան համար: Մէկն ալ մտքէն թող չանցընէ, որ հայ ազգը կրնայ այսուհետեւ եւս գոյատեւել առանց Վարդանանց քաղաքական գաղափարապաշտութեան: