Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպեր 27 յունուարին հանդիպում ունեցած է արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է ղարաբաղեան հարցի լուծման բանակցային հոլովոյթը: Նալբանդեան Հերպերթ Զալպերին ներկայացուցած է նախորդ ամիս Պեռնի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպման արդիւնքները:
Հերպերթ Զալպեր վերահաստատած է Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն` տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման վերաբերող:
Կողմերը անդրադարձած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան, միտքեր փոխանակած են համագործակցութեան խորհուրդի 16-րդ նիստի արդիւնքներուն վերաբերեալ: