Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱՐԱՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԳՈՐԾԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

September 5, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախարար Յակոբեան կը պարգեւատրէ Նազարէթ Սապունճեանը

Շաբաթ, 3 սեպտեմբերին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի եւ լիբանանահայ գործարարներուն միջեւ հանդիպում մը:

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան ողջունեց ներկաներն ու նախարարը:

Ապա խօսք առաւ նախարար Յակոբեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն ետք սփիւռքահայ գործարարներուն, յատկապէս լիբանանահայ ու սուրիահայ գործարարներուն  կատարած ներդրումներն ու մշակած ծրագիրները Հայաստանի մէջ: Անոր համաձայն, սկզբնական հանգրուանին ձախողութիւններն ու յուսախաբութիւնները աւելի շատ էին, որովհետեւ Հայաստան տակաւին վերակազմաւորման եւ վերականգնման հանգրուանի մէջ էր, սակայն այսօր կացութիւնը ամբողջովին տարբեր է, նշեց նախարար Յակոբեան: Ան աւելցուց, որ ներկայ դրութեամբ մեծ թիւով գործարարներ ներդրումներ կը կատարեն եւ տարբեր տեսակի աշխատանք կ՛իրականացնեն Հայաստանի մէջ` առանց նախորդ փորձառութիւնը ապրելու:

Իր խօսքի աւարտին սփիւռքի նախարարը քաջալերեց ներկաները Հայաստանի մէջ գործունէութիւն ծաւալելու:

Մարօ Ներսէսեան, նախարար Յակոբեան եւ Նազարէթ Սապունճեան

Անկէ ետք նախարար Յակոբեան Նազարէթ Սապունճեանը պարգեւատրեց սփիւռքի նախարարութեան ոսկի մետալով` Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման մէջ իր տարած աշխատանքներուն ու ջանքերուն համար:

Այս առիթով իր շնորհակալական եւ սրտի խօսքը արտասանեց Նազարէթ Սապունճեան, որ դիտել տուաւ, որ աշխարհի վրայ ապրող ոեւէ հայու համար անվիճելի ու բացարձակ իրողութիւն է այն, որ հայրենիքը ամէն բանէ աւելի կարեւոր ու առաջնահերթ է, որովհետեւ հայրենիքը հողն է, մնայունն ու յաւիտենականն է: Ան հաստատեց, որ ոեւէ հայ պէտք է իր բոլոր կարողութիւնները ի գործ դնէ հայրենիքի հզօրացման ու բարգաւաճման համար:

Նախարար Հրանուշ Յակոբեան նաեւ յատուկ պատուոյ գիր յանձնեց Մարօ Ներսէսեանի, որ սփիւռքի նախարարին խորհրդականն  է, այս իմաստով իր տարած աշխուժ աշխատանքին համար:

 

Նախորդը

ՄԻՋԹԵՄԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.