Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարքը Ֆրանչիսկոս Պապէն Խնդրեց Դարձեալ Միջամտել` Արագացնելու Համար Լիբանանի Նախագահական Ընտրութեան Հոլովոյթը

Յունուար 25, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆրանչիսկոս պապը եւ Ռայի պատրիարքը
Ֆրանչիսկոս պապը եւ Ռայի պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթ օր Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի իրադարձութիւնները, յատկապէս շրջանին մէջ տիրող պատերազմական մթնոլորտին եւ քրիստոնեաներուն վրայ անոր ունեցած հետեւանքներուն առումով:

Ռայի պատրիարքը անդրադարձաւ արտագաղթի երեւոյթին, որ կը սպառնայ Արեւելքի իսկական ինքնութեան:

Անդրադառնալով Լիբանանին` Ռայի պատրիարքը Ֆրանչիսկոս պապին փոխանցեց, թէ Լիբանան կը շարունակէ գոյատեւել հանրապետութեան նախագահի բացակայութեան, ինչ որ իր վատ ազդեցութիւնը կ՛ունենայ ժողովուրդին եւ երկրին քաղաքական կեանքին վրայ:

Այս շրջագիծին մէջ, Ռայի պատրիարքը Ֆրանչիսկոս պապէն խնդրեց դարձեալ միջամտել` արագացնելու համար Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը, որպէսզի Լիբանան վերագտնէ շրջանին մէջ իր իւրայատուկ դերակատարութիւնը, որուն յանձնառու է Վատիկանը:

Ռայի պատրիարքը պապին յանձնեց ամբողջական տեղեկագիրներ` անոր հետ քննարկած իր բոլոր հարցերուն մասին:

Հանդիպում` Միքաթիի Հետ

Միքաթի եւ Ռայի պատրիարքը
Միքաթի եւ Ռայի պատրիարքը

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Հռոմի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին` ներկայութեամբ Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ժորժ Խուրիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նախագահական ընտրութեան հոլովոյթին վերաբերող հարցերը, ինչպէս նաեւ Ռայի պատրիարքին ջանքերը:

Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս պապը յանձնառու է Լիբանանի ապահովական կայունութեան, որ կարելի է պահպանել նախագահական ընտրութեան ընդմէջէն:

 

Նախորդը

Եարզէի Մէջ. Ֆաթհալի Կը Վերահաստատէ Լիբանանեան Բանակին Զինուորական Օժանդակութիւն Տրամադրելու Թեհրանի Յանձնառութիւնը

Յաջորդը

Կրթութեան Նախարարին Որոշումով` Պետական Եւ Անձնական Դպրոցները Այսօր Փակ Պիտի Մնան

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Սփիւռքը Իրաւունք Ունի Երկրի Բնակիչ Լիբանանցիներուն Հետ Քուէատուփի Միջոցով Քաղաքական Որոշումներու Կայացման Գործին Մէջ Գործընկերային Դեր Ունենալու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Սփիւռքը Իրաւունք Ունի Երկրի Բնակիչ Լիբանանցիներուն Հետ Քուէատուփի Միջոցով Քաղաքական Որոշումներու Կայացման Գործին Մէջ Գործընկերային Դեր Ունենալու»

Հոկտեմբեր 23, 2025
Ռայի Պատրիարք. «Աստուած Միշտ Մեզի Հետ Կը Խօսի, Եւ Այս Օրերուն Մեզի Հետ Կը Խօսի Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Ճամբով»
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարք. «Աստուած Միշտ Մեզի Հետ Կը Խօսի, Եւ Այս Օրերուն Մեզի Հետ Կը Խօսի Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Ճամբով»

Հոկտեմբեր 23, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պարրաք. «Լիբանան Պէտք Է Իր Խնդիրները Ինք Լուծէ Եւ Իր Գերիշխանութեան Վերատիրանայ»

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?