Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարէն Նազարեան. «Ղարաբաղեան Հարցը Այլ Հարթակներ Տեղափոխելը Կրնայ Խաթարել Միջնորդական Ջանքերը»

January 23, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Garen-Nazarian_012216

Ղարաբաղեան հարցը այլ հարթակներ տեղափոխելը կամ զուգահեռ հոլովոյթներ իրականացնելը կրնայ խաթարել միջնորդական ջանքերը: Այս հաստատումը կատարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Կարէն Նազարեան, որ 20-21 յունուարին մասնակցած է Սթրազպուրկի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի 16-րդ նիստին, զոր կը նախագահէին Ազգային ժողովի պատգամաւոր Սամուէլ Ֆարմանեան եւ Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Սաճատ Քարիմ: Նիստին կը մասնակցէին Հայաստանի Ազգային ժողովի եւ Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց ծառայութեան պաշտօնեաներ:

Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, թէ աշխատանքային աւանդութեան համաձայն, արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը յանձնախումբին ներկայացուցած է Հայաստանի մօտեցումները եւ դիրքորոշումները նիստի օրակարգին վրայ ներառուած Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու ընթացիկ վիճակին ու զարգացման հեռանկարներուն, Եւրոպական Միութեան հետ նոր շրջանակային համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններու, Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան վերանայման, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման, շրջանային զարգացումներուն ու այլ հարցերու վերաբերեալ:

Նիստին ընթացքին փոխնախարար Նազարեան պատասխանած է իրեն ուղղուած հարցումներուն եւ լուսաբանութիւններ տուած է մասնակիցներուն կողմէ առաջադրուած խնդիրներուն մասին, որոնք կ՛առնչուէին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման, ձեռքբերումներուն ու յառաջիկայ աշխատանքներուն: Կարէն Նազարեան կարեւոր նկատած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ջանքերը, Եւրոպական Միութեան կողմէ ցուցաբերուող շարունակական աջակցութիւնը` նշելով, որ հարցը այլ հարթակներ տեղափոխելը կամ զուգահեռ հոլովոյթներ իրականացնելը կրնայ խաթարել միջնորդական ջանքերը եւ աւելի վտանգել շրջանային կայունութիւնը:

Իր խօսքին մէջ նախարարի տեղակալը բարձր գնահատած է Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100-ամեակին վերաբերեալ Եւրոպական խորհրդարանին ու անդամ երկիրներուն ընդունած համապատասխան բանաձեւերը, անդրադարձ կատարած է սուրիական ճգնաժամին պատճառով Հայաստան ապաստան գտած անձերուն հարցերուն` կոչ ուղղելով եւրոպացի գործընկերներուն` աջակցելու Հայաստանի կառավարութեան ջանքերուն, որոնք կը վերաբերին նման պարագաներու ընկերային-տնտեսական համարկման:

Այս եւ շարք մը այլ հարցեր ներառուած էին յանձնախումբի նիստին իբրեւ արդիւնք ընդունուած եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Տնտեսական Վիճակը Կրնայ Ազդել Բանակին Վրայ

Յաջորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Յայտարարութիւն Տարածած Են ԵԽԽՎ-ի Մէջ Հակահայկական Բանաձեւի Առնչութեամբ

RelatedPosts

Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն  Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան  Զինուորական Աջակցութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան Զինուորական Աջակցութիւնը

October 9, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ

October 9, 2026
ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար  Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան  Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.