
Պէյրութի միջազգային օդակայանի օդերեւութաբանական գրասենեակին համաձայն, այսօր պիտի արձանագրուին տեղատարափ անձրեւներ` «Թալասա» ցուրտի նոր ալիքը առաջնորդելով դէպի Լիբանան:
Կը նախատեսուի, որ հիւսիսային Եւրոպայէն եկած այս փոթորիկը Լիբանան հասնի այսօր առաւօտեան եւ տեւէ մինչեւ չորեքշաբթի, 27 յունուար:
«Թալասա» ցուրտի ալիքին շնորհիւ առատօրէն պիտի ձիւնէ ծովուն մակերեսէն 1500 մեթր բարձրութեան վրայ, ապա պիտի ձիւնէ նաեւ 1300 մեթր, 1100 մեթր եւ 800 մեթր բարձրութեան վրայ:
Ներքին ապահովութեան ուժերը քաղաքացիներէն խնդրեցին լեռնային ճամբաներուն վրայ զգուշութեամբ վարել իրենց ինքնաշարժները, հետեւիլ օդերեւութաբանական լուրերուն, իրենց ինքնաշարժներուն անիւներուն համար յատուկ շղթաներ ապահովել եւ բոլոր նախազգուշութիւններուն դիմել:
Ներքին ապահովութեան ուժերը քաղաքացիներուն կոչ ուղղեցին շտապ որեւէ հարցի պարագային դիմել 112 թիւին:


