Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՄԵԾ ՄՕՐՍ ԴԱՋՈՒԱԾՔՆԵՐԸ» «GRANDMA՛S TATTOOS»` ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆԻ ՆՈՐ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԸ

September 3, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մեծ մօրս դաջուածքները» շարժանկարը կ՛անդրադառնայ այնպիսի դէպքերու, որոնք 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին պատահեցան շատ մը հայ կիներու: Շարժանկարի հեղինակ Սիւզան Խարտալեան, «պտոյտ» մը կատարելով իր ընտանիքին մէջ, կը փորձէ հետաքննել իր մահացած մեծ մօր` Խանումի կեանքի իրական պատմութիւնը:

Շարժանկարը նման է ուրուավէպի. առեղծուած մը, բանադրանք մը: Ոչ ոք ցանկութիւն ունի ամբողջ պատմութիւնը պատմելու: Եւ որպէսզի հնարաւոր ըլլայ խճանկարը ամբողջացնել, կը դեգերինք մէկ պատկերէն միւսը, այսօրուան Շուէտէն մինչեւ Սիւզան Խարտալեանի ծննդավայրը` Պէյրութ:

Շարժանկարին մէջ կը հանդիպինք մեծ մօր քրոջ` 98-ամեայ Լիւսիային, որ կ՛ապրի Հոլիվուտ: Լիւսիան եւս ունի իր քրոջ դաջուածքներէն: Ան եւս կը խուսափի պատմել ամբողջ պատմութիւնը: Լիւսիան  տարագրութեան օրերուն իր քրոջ եւ մօր հետ կ՛ապաստանի քիւրտ ցեղի մը մօտ եւ այնտեղ կը մնայ քանի մը տարի: Կը հանդիպինք նաեւ մեծ մօր միակ ապրող զաւակին` Մարիին, որ կ՛ապրի Պէյրութ, եւ որ նոյնպէս տեղեակ չէ ամբողջ պատմութեան: Մեծ մայրիկը նոյնիսկ իր աղջկան չէ պատմած այդ մասին: Բացարձակապէս արգիլուած էր խօսիլ «չխօսուող»ի մասին: Մեծ մայրը հեռու էր ֆիզիքական բոլոր շփումներէն: Չէր սիրեր ուրիշներուն դպչիլ ու չէր ուզեր, որ ուրիշները իրեն դիպչին: Երբեք մօտ չէ եղած շուրջիններուն, նոյնիսկ` իր ամուսինին հետ:

Ի վերջոյ Սիւզանի մայրն է, որ կը պատմէ մեծ մօր պատմութիւնը: Մեծ մայրիկ Խանումը միայն 12 տարեկան էր, երբ իր մօր եւ քրոջ ներկայութեամբ բռնաբարուած է քիւրտ նաւավարի մը կողմէ, Եփրատի ափին, երբ իրենք կը փախչէին ջարդերէն:

Շարժանկարին մէջ մենք եւս կը կատարենք նոյն «պտոյտ»ը, որ կատարած է մեծ մայրիկը: Անցնելով Եփրատի վրայէն` կը հասնին Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքը, ուր հանգրուանեցին հարիւր հազարաւոր հայեր:

Հայաստան, Լիբանան, Սուրիա եւ Միացեալ Նահանգներ ճամբորդութեան ընթացքին կը հանդիպինք դաջուածքներ ունեցող հայ կիներու երեխաներուն եւ կը հասկնանք, որ անոնց վէրքը եւս նոյնն է, որ բռնաբարութիւնն ու սեռական ոտնձգութիւնները «բնատիպ» էին ջարդերէն գոյատեւած հայ կիներուն համար:

Մեծ մայրիկի դաջուածքը պատմութիւն է, որուն մէջ աշխարհի իրականութիւնն ու երեւակայութիւնը այնքան շաղախուած են, որ դժուար է զանոնք տարանջատել: Փոքրիկը նաեւ այն մեծ մայրիկն է, որ դաջուած եւ բռնաբարուած է, եւ որ հետագային պիտի բացայայտէ դաջուածքը եւ զզուանք զգալով` պիտի փորձէ զայն անջատել իր ցաւէն:

Մօտ մէկ ժամ տեւողութեամբ շարժանկարը արտադրած է Pea Holmquist, HB Pea Holmquist Film (Շուէտ):

Նախորդը

ԱՆԱՆՁՆԱԿԱՆ ՀԱՅԸ. ՏՈՔԹ. ԷՏՄՈՆ ԳՈՒՐԱՄԱՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Յաջորդը

ՊԱՔՈՒ Կ՛ՈՒԶԷ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵԼ 2020-Ի ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.