Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Քննարկէ Սուրիոյ Քրիստոնեայ Համայնքներու Մարդասիրական Օգնութեան Հարցը

Դեկտեմբեր 31, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

norin_123015

Երկուշաբթի, 28 դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս` իբրեւ նախագահ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին, իր գրասենեակին մէջ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ նոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հայր Միշել Ժալըխի եւ փոխքարտուղար Էլիաս Հալապիի, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական եւ մարդասիրական բաժանմունքներու տնօրէններուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն կատարուող մարդասիրական օժանդակութիւնը աւելի կազմակերպ հիմերու վրայ դնելու կարելիութիւնները: Արամ Ա. կաթողիկոս թելադրեց այս ծիրին մէջ կապ պահել ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական խորհուրդին հետ առնչուած մարդասիրական ծառայութիւն մատուցող կառոյցներուն հետ` անոնցմէ ապահովելու անհրաժեշտ օգնութիւնը: Վեհափառ հայրապետը նաեւ թելադրեց Սուրիոյ զանազան շրջաններուն մէջ յառաջացնել աշխատանքային մարմիններ: Նկատի ունենալով, որ Սուրիան հանգրուանային կերպով պիտի ընթանայ դէպի վերականգնում ու վերակազմակերպում, հետեւաբար Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը պատրաստ պէտք է ըլլայ իր ամբողջական աջակցութիւնը ընծայելու քրիստոնեայ համայնքներուն, ըսաւ կաթողիկոսը:

Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան խորհուրդին եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին, Վատիկանի եւ միջեկեղեցական այլ մարմիններու հետ գործակցութեան առնչուած հարցեր: Խորհրդակցութեան նիւթ դարձան նաեւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի յառաջիկայ համաժողովի պատրաստութեան աշխատանքները:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մասնակից Կը Դառնայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հովանիին Տակ Գործող Միութիւններու Նոր Տարուան Ուրախութեանց

Յաջորդը

Գամիշլիի Մէջ Երկու Զօրաւոր Պայթումներ Տեղի Ունեցան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան  Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան

Նոյեմբեր 8, 2025
Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Բացում Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի Արա Հրեշտակեան Հայագիտական Ամբիոնին
Գաղութային

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Բացում Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի Արա Հրեշտակեան Հայագիտական Ամբիոնին

Նոյեմբեր 8, 2025
50 Տարիներ Բոլորած Զոյգեր Մեծ Շուքով Տօնեցին Իրենց Ս. Պսակի Տարեդարձը
Գաղութային

50 Տարիներ Բոլորած Զոյգեր Մեծ Շուքով Տօնեցին Իրենց Ս. Պսակի Տարեդարձը

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?