
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան դաշտը ընդարձակ ու տարածուն է: Կաթողիկոսութիւնը ո՛չ միայն հետամուտ է հոգեւոր սնունդ մատակարարելու, այլ հոգեւորին կողքին` մշակութային, ազգային, պահանջատիրական, ընկերային ծառայութեան, երիտասարդական, միջեկեղեցական ու միջկրօնական եւ այլ մարզերու մէջ ծաւալուն աշխատանք կը տանի, ծրագիրներ կը մշակէ եւ իրագործումներ կ՛արձանագրէ:
«Շնորհալի» երգչախումբին եւ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) Նոր տարուան առիթով կազմակերպուած զոյգ ձեռնարկներուն ներկայ գտնուեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, որ ողջունեց բոլոր անդամները եւ գնահատեց անոնց աշխուժ գործունէութիւնը: Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ հաւաքական առաքելութեան կարեւորութեան եւ վստահեցուց, որ անոնք զանազան ձեւերով մասնակից կը դառնան կաթողիկոսարանի համահայկական բազմատարած եւ բազմազան առաքելութեան: Արամ Ա. կաթողիկոս բացուող Նոր տարին լաւագոյն առիթը սեպեց յետադարձ ակնարկով նայելու անցեալին, վերարժեւորումի ենթարկելու իրենց անցեալի գործունէութիւնը եւ մշակելու յառաջիկայ տարուան գործունէութեան համար նոր ծրագիրներ: Աւարտին, վեհափառ հայրապետը շնորհաւորեց անոնց Նոր տարին ու Սուրբ Ծնունդը եւ իր հայրապետական բարեմաղթութիւնները փոխանցեց բոլոր անդամ-անդամուհիներուն:


