Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարուժան Սուքիասեան. «Հաւաքականին Դռները Բաց Են Բոլորին Դիմաց»

December 30, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

soukyasyan_122915«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ Վարուժան Սուքիասեան անդրադարձաւ հաւաքականին հետ իր առաջին պաշտօնավարումին` խօսելով իր որդեգրելիք այն աշխատելաձեւին մասին, թէ որո՛նք պիտի հրաւիրուին հաւաքական եւ թէ ի՛նչ ձեւով խումբը յաջողութեան կրնայ հասնիլ 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին:

ArmSport.am կ՛անդրադառնայ Սուքիասեանի տուած հարցազրոյցին, ուր ան գլխաւորաբար կը խօսի հետեւեալ կէտերուն մասին:

«Ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը իւրաքանչիւր մարզիչի համար կը նկատուի անոր արհեստավարժ ասպարէզին գագաթնակէտը, եւ ես բացառութիւն չեմ: Ուրախ եմ, որ այդ պաշտօնին վրայ եմ, սակայն աւելի երջանիկ պիտի ըլլայի, եթէ մեր հաւաքականը իր յաղթանակներուն շնորհիւ ուրախացնէր հայ ժողովուրդը:

«Իսկ ինչ կը վերաբերի այն մարզիկներուն, որոնք պիտի հրաւիրուին ազգային հաւաքական, դռները բաց են բոլորին դիմաց: Բայց կու գամ ըսելու, որ առաջնահերթութիւնը պիտի տրուի Հայաստանի ախոյեանութեան մէջ հանդէս եկող մարզիկներուն: Ինծի համար արժէք չունի, թէ այս կամ այն ֆութպոլիստը ո՛ր ակումբին կը պատկանի: Էականը մրցումներէն առաջ մարզիկի մը ունեցած մարզավիճակն է: Հաւաքականին մաս պիտի կազմեն բոլոր լաւագոյնները:

«Կը յուսամ, որ շատ լաւ եւ զօրաւոր խումբ մը կրնանք պատրաստել, ոչ միայն 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով, այլ նաեւ` ապագային համար ալ:

«Ներկայ դրութեամբ բացայայտ է այն, որ Հենրիխ Մխիթարեան մեր յառաջատարն է: Վստահ եմ, որ ատկէ բացի, ան պիտի ըլլայ նաեւ հաւաքականին ոգին: Բայց հակառակ ատոր, ան առանձինը ոչինչ կրնայ ընել: Յոյսով եմ, որ ան Արազ Օզպիլիսի, Մարքոս Փիցելլիի եւ ուրիշներու հետ շատ բացառիկ արդիւնքներու կրնայ հասնիլ:

«Եզրափակելով ըսեմ, որ հաւաքականին մէջ պէտք է փոխել մթնոլորտը: Կը կարծեմ, որ բարեկամական մրցումներ կատարելով կը յաջողինք վերստին ձեռք ձգել վստահութիւն եւ ունենալ զօրաւոր կազմ մը»:

Նախորդը

Հայաստանի 2015-ի Լաւագոյն Մարզիկներու Մեծարման Երեկոյ

Յաջորդը

Վոլիպոլ. 2015-2016 Տարեշրջանը Կը Սկսի Երեքշաբթի, 5 Յունուարին

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը

October 26, 2026
Ըմբշամարտ.  Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց
Մարզական

Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց

October 26, 2026
ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին
Մարզական

ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.