Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի 2015-ի Լաւագոյն Մարզիկներու Մեծարման Երեկոյ

December 30, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

with-serge_122915

28 դեկտեմբեր 2015-ին «Փարաւոն» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ 2015-ի լաւագոյն մարզիկներու մեծարման երեկոն:

huyndai1_122915

Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան «Հիունտայ» վաճառանիշը կրող ինքնաշարժներ նուիրեց մարզական լրագրողներուն կողմէ ընտրուած 10 լաւագոյն մարզիկներուն, ինչպէս նաեւ` այդ տասնեակէն դուրս մնացած Ռոման Ամոյեանին (ըմբշամարտ), Մաքսիմ Մանուկեանին (ըմբշամարտ) եւ Հրաչիկ Բաբայեանին (հրացանաձգութիւն):

Մարզաշխարհի ներկայացուցիչներուն յանձնուեցան նաեւ շարք մը պատուոյ գիրեր եւ մետալներ:

Միհրան Յարութիւնեան եւ Հայաստանի 2015-ի լաւագոյն մարզիկ ճանչցուած Արթուր Ալեքսանեան միասին յուշանուէր մը յանձնեցին Գագիկ Ծառուկեանին:

kakig_122915

Իր խօսքին մէջ Ծառուկեան ըսաւ, որ Հայաստանի պատիւը Պաքուի մէջ պաշտպանած մարզիկները բարձրացուցին Հայաստանի հեղինակութիւնը աշխարհի մէջ:

Ան նշեց նաեւ, որ հպարտ է Օլիմփաւանին համար, որուն բացման ներկայ եղան տասնեակ մը երկիրներու ներկայացուցիչները:

Եզրափակելով իր խօսքը` Ծառուկեան ըսաւ, որ տակաւին բազմաթիւ ընելիքներ կան:

huyndai_122915

Գագիկ Ծառուկեան երեկոյին ներկայ գտնուած Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին մարզիկներուն անունով նուէր մը տուաւ: Իսկ նախագահ Սարգսեան շարք մը անձերու կոչումներ շնորհեց:

15280_b

Խօսք առնելով նախագահ Սարգսեան ըսաւ, որ մի՛շտ ալ մեծ հաճոյքով կը մասնակցի մարզաշխարհի ներկայացուցիչներու մեծարման երեկոյին:

Հանրապետութեան նախագահը յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ տարի Ռիօ Տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունենալիք ողիմպիական խաղերուն Հայաստան իր ամէն կարելին կ՛ընէ 1 կամ 2 ոսկի մետալի տիրանալու համար:

 

Նախորդը

«Լա Լիկա». Այսօր` 17-րդ Հանգրուանի Մրցումները

Յաջորդը

Վարուժան Սուքիասեան. «Հաւաքականին Դռները Բաց Են Բոլորին Դիմաց»

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը

October 26, 2026
Ըմբշամարտ.  Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց
Մարզական

Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց

October 26, 2026
ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին
Մարզական

ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.