Իտալական մամուլը կը հաղորդէ, որ Ա. Սէ. Միլանի նախկին գլխաւոր մարզիչ Ֆիլիփօ Ինցակի վերջերս յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիոնի պատասխանատուներուն հետ եւ քննարկեց խումբի կազմին հաւանական նշանակումին հարցը:
Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին նախկին ֆութպոլիստը, որ Ա. Սէ. Միլանի մարզիչն էր, տարին աւարտեց 10-րդ դիրքին վրայ:
Այս տարեշրջանը Լիոն սկսաւ Եուպեր Ֆիւրնէի հետ, սակայն վերջինս պաշտօնանկ եղաւ` խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
Այժմ խումբին մարզիչն է Պրունօ Ժենեսիօ, որ մինչեւ 2016-ի ամառը պիտի մնայ կազմին հետ: