Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԻՆԾԻ ՀԱՄԱՐ ԱՄԷՆԷՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ ԳԻՏԵԼԻՔՈՎ ՁԵՌՔ ԲԵՐՈՒԱԾ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆ Է»

September 2, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 29 օգոստոսին ընդունեց 2011-ի առարկայական ողիմպիականներուն պարգեւներու արժանացած աշակերտները, «Մենք ենք տէրերը մեր անկախութեան» նիւթով շարադրութեան մրցումի եւ «Քենկուրու» միջազգային ուսողական խաղ-մրցումի  մրցանակակիրները:

Նախագահ Սարգսեան ըսաւ. «Ինծի համար աւելի սուղ բան չկայ, քան Հայաստանի մէջ տեսնել խելացի նոր սերունդ: Համոզուած եղէք, որ այս հանդիպումը ինծի համար ալ շատ կարեւոր է: Ես կը ցանկամ հնչեղութիւն հաղորդել ձեր լաւ գործերուն, որովհետեւ եթէ մեր հանրութեան իւրաքանչիւր անդամ իր գործը կատարէ այնպէս, ինչպէս դուք կը կատարէք, ապա մենք քանի մը քայլ արդէն առջեւ պիտի ըլլայինք այնտեղէն, որ հիմա կը գտնուինք: Կը ցանկամ, որ ձեր հասարակակիցները ձեզի այստեղ տեսնեն, որպէսզի անոնց մօտ ցանկութիւն յառաջանայ ձեզմէ ետ չմնալու: Կը ցանկամ, որ ձեր օրինակը վարակիչ ըլլայ: Կը յիշէ՞ք Պարոյր Սեւակի յայտնի խօսքերը. «Մարդիկ իրար առողջութեամբ թող վարակեն»:

Նախագահ Սարգսեան յոյս յայտնեց, որ անոնց օրինակը վարակիչ ըլլայ, որպէսզի լաւ իտէալներ կարելի ըլլայ ձեւաւորել, «որովհետեւ, դժբախտաբար, մեր հասարակութեան մէջ կան նաեւ վատ բարքեր, կան ոչ ճիշդ հասկցուած իտէալներ, կան կեղծ հերոսներ, իսկ անոնք կրնան գայթակղիչ ըլլալ անփորձ երիտասարդներուն համար: Կը ցանկամ, որ մեր հասարակութեան մէջ կարեւոր նկատուին կիրթ եւ մտածող մարդիկ, ինչպիսիք մեր ճատրակ խաղցողներն են: Մենք ձեզի հետ միասին նաեւ պէտք է պայքարինք այդպիսի հասարակութեան համար», նշեց նախագահ Սարգսեան:

Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ հայ ժողովուրդը ունի լաւ երեխաներ, շատ լաւ երիտասարդներ, որոնց դաստիարակման հոգը ընտանիքներուն վրայ է, բայց կարելի պէտք է ըլլայ բարձրացնել նաեւ դպրոցին արտադպրոցական հաստատութիւններուն դերը:

«Անշուշտ, դուք ձեր ծնողներուն հպարտութիւնն էք, բայց միեւնոյն ժամանակ` նաեւ մեր հասարակութեան: Ձեր տաղանդը, ձեր ձիրքը մեր հասարակութեան համար շատ անհրաժեշտ են: Ապրի՛ք: Շարունակեցէ՛ք նոյն ոգիով: Վստա՛հ եղէք, որ տքնաջան աշխատանքը միշտ արդիւնք պիտի տայ: Ասիկա ձեր առաջին յաջողութիւնն է, բայց լաւ աշխատելու, կարգապահ ըլլալու, բարի ըլլալու պարագային արդիւնքները անպայման պիտի երեւին: Համոզուած եղէ՛ք: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ ըսել` այո՛, Հայաստանը ես եմ: Անգամ մը եւս բոլորդ կը շնորհաւորեմ, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ եւ ձեր ապագայ յաջողութիւններուն ակնկալիքով ձեզի կը մաղթեմ առողջութիւն, ջանասիրութիւն», ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Նախագահին ողջոյնէն ետք, «Մենք ենք տէրը մեր անկախութեան» նիւթով շարադրութեան մրցումին յաղթողներէն քանի մը հոգին ցանկութիւն յայտնեցին Հայաստանի նախագահին համար հատուածներ կարդալ իրենց շարադրութիւններէն, իսկ 2011-ի միջազգային առարկայական ողիմպիականի մրցանակակիր աշակերտները իրենց տպաւորութիւնները ներկայացուցին ողիմպիականին գծով:

Հանրապետութեան նախագահը նուէրներ յանձնեց 2011-ի միջազգային առարկայական ողիմպիականներուն պարգեւներու արժանացած աշակերտներուն: Հանդիպման միւս մասնակիցները յուշանուէրներ ստացան: Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան յանձնեց խրախուսական շնորհակալագիրներ 2011-ի միջազգային առարկայական ողիմպիականի յաղթողներուն եւ Հայաստանի 20-ամեակին նուիրուած «Մենք ենք տէրը մեր անկախութեան» նիւթով շարադրութեան մրցումի մրցանակակիրներուն:

«Քենկուրու-2011» միջազգային ուսողական խաղ-մրցումի բացարձակ յաղթող Արաքսի Գասպարեան պարգեւատրուեցաւ ոսկիէ մետալով եւ հաւաստագիրով, իսկ իւրաքանչիւր մարզի եւ տարիքային խումբի մէջ լաւագոյն արդիւնք արձանագրած աշակերտները` հաւաստագիրներով:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան աշակերտներուն հրաժեշտ տալէ ետք դուրս եկաւ նախագահի նստավայրէն, շնորհաւորեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նստավայրին մօտ հանդիպման մասնակից աշակերտներուն սպասող ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն: «Ինծի համար ամէնէն կարեւոր յաղթանակը գիտելիքով ձեռք բերուած յաղթանակն է», ըսաւ նախագահը:

Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (2 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

Յաջորդը

«ԵՍ ՆԿԱՐՈՒՄ ԵՄ ՄԱՐԴՈՒ ՀԱՄԱՐ, ԿԱՐԵՒՈՐ ՉԷ, ԹԷ ՆԱ ՈՐՏԵՂ Է ԱՊՐՈՒՄ», «ԱԶԴԱԿ»ԻՆ ԱՍԱՑ ՇԱՆԱՆ` ԱՆՆԱ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.