Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժըպրան Թուէյնիի Նահատակութեան Ժ. Տարելիցին Առիթով` Լրագրութեան Միջազգային Խորհրդաժողով Եւ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

December 14, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Gebran Tueini_121315

Նախկին երեսփոխան Ժըպրան Թուէյնիի նահատակութեան Ժ. տարելիցին առիթով` շաբաթ օր «Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցաւ «Համաշխարհային լրագրութիւնն ու Լիբանանը» անունը կրող միջազգային խորհրդաժողով մը, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով նախարարներ ու երեսփոխաններ, պետական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ լրագրողներ:

Այս առիթով նահատակ Թուէյնիի դուստրը` Միշել Թուէյնի արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Ժըպրան Թուէյնի միացաւ նահատակներու փաղանգին առանց օր մը օրանց ընդունելու, որ պաշտօններու տիրանալու համար սակարկութիւններ կատարէ: «Ան երբեք չնախընտրեց երեսփոխան մնալ եւ երկրին աշխատանքի ընդհանուր համակարգը խանգարել` իր անձնական շահերուն համար: Ժըպրան նահատակուեցաւ, առանց օր մը օրանց այս կամ այն երկրէն ցուցմունք պահանջելու` յայտարարութիւն մը կատարելէ, յօդուած մը գրելէ կամ կեցուածք մը ճշդելէ առաջ», ըսաւ Մ. Թուէյնի:

Նշենք, որ խորհրդաժողովին ներկայ գտնուեցան Ժըպրան Թուէյնիի բարեկամ լրագրողներ, որոնք իրենց վկայութիւնները ներկայացուցին Ժըպրան Թուէյնիի ասպարէզին, նկարագիրին եւ կեանքի ուղեգիծին ու երազներուն մասին:

Միւս կողմէ, Կեդրոնական Պէյրութի Մար Ժըրժոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն նախագահեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը` ներկայութեամբ անոր ընտանիքին եւ մեծ թիւով պետական անձնաւորութիւններու ու պաշտօնատարներու:

Աուտէ եպիսկոպոսը իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Ժըպրան Թուէյնիի եւ բոլոր նահատակներուն համար իրենք տխուր են` աւելցնելով սակայն, որ այսօր այդ տխրութիւնը բազմապատկուած է` նկատի ունենալով, որ անոնց թափած արեամբ նոր Լիբանան չէ կերտուած:

 

 

Նախորդը

Ժոմպլաթ. «Ֆրենժիէն Նախագահ Ընտրելու Համաձայնութիւնը Ներքին Լիբանանեան Առումով Ձախողած Է»

Յաջորդը

Ժեմայէլ Շեշտեց, Որ Ոչ Ոք Կրնայ Զիրենք Ստիպել` Իրենց Համոզումներուն Դէմ Գործելու

RelatedPosts

Իսրայէլեան Յարձակումներու  Սաստկացման Զուգահեռ.  Դիւանագիտական Սերտ Շփումներ  Յաւելեալ Թափ Կ՛առնեն
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Յարձակումներու Սաստկացման Զուգահեռ. Դիւանագիտական Սերտ Շփումներ Յաւելեալ Թափ Կ՛առնեն

March 9, 2026
Սուրիոյ Նախագահ Ահմետ Շարեհ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Վարչապետ Սալամի Հետ
Լիբանանեան

Սուրիոյ Նախագահ Ահմետ Շարեհ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Վարչապետ Սալամի Հետ

March 9, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.