Լիբանանեան բանակի զինուորական գործողութեանց գրասենեակի նախկին տնօրէն զօր. Ֆրանսուա Հաժի սպանութեան Ը. տարելիցին առիթով` շաբաթավերջին Էշրեֆիէի մէջ բացումը կատարուեցաւ պարտէզի մը, որ կը կրէր Ֆրանսուա Հաժի անունը եւ անոր նուիրուած յուշարձան մը` «Լոկոս» միութեան կազմակերպութեամբ:
Ֆրանսուա Հաժի զաւակը` Էլի Հաժ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը կը միացնէ զիրենք` աւելցնելով, որ իբրեւ այդպիսին իրենք բաժնուելու իրաւունք չունին:
Իր կարգին, հանգստեան կոչուած գնդապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզ յայտնեց, որ իրենք հաւաքուած են ոչ թէ տխրելու, այլ` Ֆրանսուա Հաժին յայտնելու, թէ բանակի բոլոր սպաները կը մնան նոյն սկզբունքին վրայ` հաւատալով, որ զինուորական կեանքը հիմնուած է արժանապատուութեան, զոհողութեան, կամքի, հերոսութեան ու նուիրումի վրայ եւ առանց այդ սկզբունքին զինուորական կեանք գոյութիւն չունի:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն, «Լոկոս» միութեան նախագահ Զիատ Ապս իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ Ֆրանսուա Հաժը սպաննեցին, որովհետեւ լաւ գիտէին անոր արժանիքները եւ բանակի հրամանատարութեան ատակ թեկնածու ըլլալու ճշմարտութիւնը:
Նշենք, որ Ֆրանսուա Հաժի նահատակութեան Ը. տարելիցին առիթով կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: