Վարչապետ Թամմամ Սալամ անցեալ շաբաթավերջին հրապարակեց երկու պաշտօնական շրջաբերականներ` ճշդելու համար տօնական օրերու արձակուրդները:
Ըստ առաջին շրջաբերականին, Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնին առիթով, չորեքշաբթի, 23 դեկտեմբեր 2015-ին պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան:
Երկրորդ շրջաբերականին համաձայն, կաթողիկէ Ս. Ծննդեան տօնին եւ Նոր տարուան առիթով, պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան ուրբաթ, 25 դեկտեմբեր 2015-ին եւ ուրբաթ, 1 յունուար 2016-ին: