Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Դեկտեմբեր 14, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յոյս յայտնեց, որ առեւանգուած բոլոր բանակայինները ազատ արձակուին եւ Լիբանան վայելէ իր ապահովական կայունութիւնը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան երիտասարդական թեւը «Օժերօ»-ի ընդհանուր տնօրէն Ապտել Մենեմ Եուսեֆի դէմ դատական հարց յարուցած է` փտածութեան վերաբերող շարք մը հարցերով:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով առաջադրուած նախաձեռնութիւնը կասեցուած է, սակայն չէ ձախողած:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր շեշտեց, որ նախագահական համաձայնութիւնը ի զօրու է, սակայն անիկա դանդաղ քայլերով կ՛ընթանայ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն իրենց նախագահական թեկնածուն է` աւելցնելով, որ ո՛չ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին եւ ո՛չ ալ ուրիշը կրնան առանձինն որոշել այս կամ այն անձնաւորութեան թեկնածութիւնը:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձին յետաձգումը չի նշանակեր, որ ան յետս կոչած է իր առաջադրած նախաձեռնութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդգծեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պաշտօնապէս չէ յայտարարած Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը, սակայն անոր մօտ այդ թեկնածութիւնը յայտարարելու իմաստով լրջութիւնը առկայ է:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շուտով պիտի չընդառաջէ Սէուտական Արաբիա այցելութեան հրաւէրին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի քաղաքական չափաւորականութիւնը կը ներկայացնէ` աւելցնելով, որ Պըրրի Լիբանանի մէջ հաւասարակշռութիւն կը խորհրդանշէ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ըսթֆեն Տուէյհի յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ ոսկեայ առիթ է: «Արդեօք պէ՞տք է զայն մերժենք եւ տաճարը քանդենք», ըսաւ ան:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ կատարեց Պընթ Ժպէյլի, Այթա Շաապի եւ հարաւային Լիբանանի վերեւ` խզելով Լիբանանի օդային սահմանները եւ ոտնձգութիւն գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ զինուորական գետնի վրայ ահաբեկչութեան դիմադրելը օգտակար է, սակայն անբաւարար:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ իրենք կարող են իրենց ձայնը տարբեր կայաններու ընդմէջէն հասցնել, հակառակ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանի սփռումը արգիլելու «Արապսաթ»-ի քայլին:

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ մէջ Լիբանանի դեսպան Ապտալլա Պու Հապիպ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւն կարելի պիտի չըլլայ կատարել, առանց ընտրական օրէնքին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու եւ կառավարութիւն կազմելու:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ ներքին լիբանանեան երկխօսութեան իբրեւ արդիւնք մօտիկ ապագային Լիբանան պիտի ունենայ իր հանրապետութեան նախագահը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ նեղացած դուրս ելած է Ռապիէէն` նկատի ունենալով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կատարած անուղղակի սպառնալիքները` Ֆրենժիէն Հըզպալլայի զօրակցութենէն զրկելու իմաստով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան ճամբան Ռապիէէն կ՛անցնի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ Պքերքէ կը փնտռէ ելք մը` նախագահական թափուր աթոռի երեւոյթին վերջ տալու նպատակով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր յայտնեց, որ կարելի չէ շարունակել նախագահական թափուր աթոռի այս ընթացքը, այլ պէտք է վիճակէն դուրս գալ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Միխայէլ Տահեր շեշտեց, որ դժուար թէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի անուան շուրջ համախոհութիւն գոյանայ, որովհետեւ քրիստոնեաները անոր անձին շուրջ համաձայնութիւն չեն գոյացուցած:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու որոշումը լիբանանցիներուն կը վերաբերի:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Տորի Շամուն շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը ներկայացնող նախագահական թեկնածու մը` առանց իմանալու անոր նախագահական ծրագիրը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի տեղեակ պահուած է, թէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի նեղացած է Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի դէմ անոր կատարած ցեխարձակումներու արշաւէն:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որ կրնայ Լիբանանը փրկել իր ուղիէն շեղելու հաւանականութենէն:

 

 

Նախորդը

«Վանայ Ձայն» Կը Պարգեւատրէ Մեծերը

Յաջորդը

Պասիլ Իրաքցի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Իրաքի Մէջ Թրքական Ուժերու Զինուորական Միջամտութիւնը

RelatedPosts

Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պքերքէ`  Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները  Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»
Լիբանանեան

Այցելելով Պքերքէ` Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»

Նոյեմբեր 1, 2025
Աուն. «Այն Տեղեկութիւնը, Թէ Հըզպալլան Մերժած Է  Խուզարկելու Համար Հարաւային Արուարձաններու Մէջ  Դիրքերէն Մէկը Բանակին Մուտք Գործելը Սխալ Է»
Լիբանանեան

Նախագահական Պալատը Կը Յստակացնէ. «Նախագահ Աունի Պլիտայի Վրայ Յարձակումի Շուրջ Կեցուածքը Հրապարակուեցաւ Տեղեկատուութեան Գրասենեակին Կողմէ, Եւ Անոր Կողմէ Որեւէ Այլ Կեցուածք Չարտայայտուեցաւ»

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?