Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի անդամ, Եւրոպայի եւ աշխարհի նախկին ախոյեան, ողիմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիր Արսէն Ջուլֆալակեան ի միջի այլոց ըսաւ.
«Իմ ամէն կարելիս պիտի ընեմ ողիմպիական խաղերու տոմս մը ապահովելու` առաջին իսկ փորձէն: Թէեւ առջեւս վարկանշային երեք մրցաշարք կայ, սակայն շուտով տոմս մը ապահովելը պիտի ըլլայ շատ էական, որպէսզի աւելի շատ ժամանակ ունենամ նախապատրաստուելու ողիմպիական խաղերուն:
«Ինչ կը վերաբերի արհեստավարժ ասպարէզս շարունակելու կամ անոր վերջ տալու հարցին, ատիկա կը յստականայ ողիմպիականի խաղերէն ետք միայն, անշուշտ եթէ անոնց մասնակցիմ: Թէեւ տարիքս թոյլ կու տայ, որ շարունակեմ, սակայն անոր մասին խօսիլը այժմ կանուխ է», ըսաւ Ջուլֆալակեան: