Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Փարիզի մէջ ոճրային շարք մը արարքներ արդա՛րօրէն մեծ յուզում պատճառեցին աշխարհի չորս ծագերուն, բոլոր անոնց, որոնք ի՛սկապէս կը տագնապին ամբողջ մարդկութիւնը եւ ո՛չ միայն աշխարհագրական որոշ տարածք մը պատուհասող ահաբեկչական ծանօթ արարքներով:
Փարիզեան ոճիրներէն քիչ առաջ աշխարհը տագնապեցաւ ռուսական ճամբորդատար օդանաւի մը ռմբահարումով ու Պէյրութի Հարաւային արուարձանին մէջ ռմբահարումի մը ահազանգող արձագանգներով:
Վերջին քանի մը շաբաթներուն արձանագրուած յիշեալ արիւնալի դէպքերը միայն նորագոյն օղակները եղան մութ ու կարմիր շղթայի մը, որուն օղակները հետզհետէ աւելի՛ կ՛ահագնանան: Ոճրային այս ու նախընթաց արարքները ընդարձակեցին «իսլամ ծայրայեղականներ»-ուն մասին քննարկումներու եւ բանավէճերու դաշտերը, որոնք ուրուագծուելու սկսած էին աւելի քան… 35 տարի առաջ. ստեղծուած ալիքները միախառնուեցան այն յորձանուտին հետ, որ աշխարհի կոկորդը կը սեղմէր նո՛յն այդ վայրագութեանց պատճառով արագօրէն ծանրացած` բռնագաղթուածներու տագնապով:
Եւրոպական պետական-քաղաքական շրջանակներէն մինչեւ մամուլը, իսկ ովկիանոսէն անդին` մինչեւ Միացեալ Նահանգներու… նախագահական ընտրապայքարի բեմերուն վրայ շողշողացող «իմաստուններ»-ը ներգրաւուած են զիրար ամբողջացնող բանավէճերու մէջ, դարմանումի միջոցներ կ՛որոնեն ամուլ մրցավազքով մը: Մեծ աղմուկով կը փորձուի պատասխաններ որոնել այսպիսի հարցումներու. Սուրիայէն, Իրաքէն, Աֆղանիստանէն ու տագնապահար միւս երկիրներէն ստիպողաբար հեռացող, իրենց կեանքը փրկելու հարկադրանքին տակ գտնուող գաղթականները պէ՞տք է ընդունիլ, թէ՞ զանոնք ետ մղել: Ի՞նչ չափերու հասցնել ոճրային խմբակներուն` Իսլամական պետութեան դէմ ռմբակոծումները. բաւականանալ օդանաւային յարձակումներո՞վ ու հեռահաս հրթիռարձակումներո՞վ, թէ՞ նաեւ բանակներ նետել մարդակերպ վայրենիներուն դէմ: Ռուսական հարուածները օրինակա՞ն են, թէ՞ պէտք է կասեցնել զանոնք, որպէսզի աշխարհը չկլանուի երրորդ աշխարհամարտի մը մէջ (իբր թէ եղածը նուազ չարիք ըլլար):
Այս ու նման հարցումներով զարգացող «քննարկումները» կը յիշեցնեն բիւզանդական վէճերու դարաշրջանը, երբ մարդիկ իսկական հարցերը թողած` արտառոց մանրուքներով կը զբաղէին ու կը զբաղեցնէին աշխարհը…
Ոչ ոք կ՛արծարծէ ԲՈՒՆ ՀԱՐՑԵՐԸ, իսկ արծարծողն ալ կը մատնուի լռութեան, կամ անոր ձայնը դիտումնաւոր կերպով կորստեան կը դատապարտուի յիշեալ փոթորիկներէն բարձրացող աղմուկին մէջ:
Խորքին մէջ, ամէն բանէ առաջ պէտք է պատասխանել հետեւեալ հարցումներուն.
«21-րդ դարու քաղաքակիրթ» աշխարհին մէջ, բազմամիլիոն մարդիկ ինչո՞ւ ստիպուած պէտք է ըլլան ետին թողուլ տուն, տեղ, ստացուածք ու փճացող վաստակ, դառնան գաղթական ու ափ առնեն եւրոպական կամ այլ երկիրներու դուռերը, դառնան կեանքի՛ մուրացկաններ, մատնուին ամէն տեսակ վարկաբեկումի, մինչդեռ մինչեւ երէկ կը վայելէին խաղաղութեան ու իրենց ճակտի քրտինքին բարիքները… Արդեօք տագնապահար երկիրները եթէ վաղն իսկ վերագտնեն բնականոն ապրուստի ուղին, գաղթականներէն քանի՞ն կը մնայ վտարանդի…
Ի վերջոյ, ուրկէ՞ ծնաւ ու արագօրէն աճեցաւ «իսլամ ծայրայեղականութիւնը», որ խորքին մէջ կապ չունի որեւէ կրօնի հետ: Ո՞վ կը զինէ, կը սարքաւորէ ու կը մարզէ քաղաքներ ու շէներ աւերողները, թանգարաններ կողոպտողները, քարիւղի հանքեր չարաշահողները, եւ` ի՞նչ յետին նպատակներով…
Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ անցեալին ահաբեկչական մեծ ու փոքր խմբաւորումներ շատ աւելի արագօրէն կը բերուէին հակակշիռի տակ, անոնց արարքները կարելի կ՛ըլլար սահմանափակ օղակներու մէջ պահել, մինչդեռ այսօր, հաղորդակցութեան ու լրտեսութեան բազմապատիկ անգամ զարգացած մեր օրերուն, երբ ժողովուրդներու շահատուրքերէն հսկայական գումարներ կը տրամադրուին հետախուզութեան, ականատես ենք «անհակակշռելի զարգացումներ»-ու, ծայրայեղականներուն վրայ գործուած յարձակումները աւելի՛ եւս կը տարածեն անոնց հակակշռած հողամասերը, կը բազմապատկեն վայրագ զինեալներուն թիւը, ոճիրները արագօրէն իրարու կ՛արձագանգեն Միջին Արեւելքէն մինչեւ Եմէն ու Աֆղանիստան-Փաքիստան, մինչեւ ափրիկեան երկիրներ ու Եւրոպա…
Տագնապելու եւ լուրջ քայլերու մասին մտածելու համար (եթէ իսկապէս լուրջ մտածող մնացած է արեւմտեան աշխարհին մէջ), ինչո՞ւ պէտք էր սպասել, որ ոճրային խափանարարութիւնը հասնէր Փարիզ ու սպառնար Պելճիքայի, Անգլիոյ ու եւրոպական այլ երկիրներու, փորձէր նոր ոստում արձանագրել ովկիանոսէն անդին (չմոռնանք 2001-ն ու Պոսթընի մարաթոնը), մինչդեռ անցեալ աւելի քան տասը տարիներուն Իրաքի, Լիպիոյ, Սուրիոյ եւ ճակատագրակից երկիրներու ժողովուրդները շա՜տ աւելի ծանր պայաններու մատնուած էին, միլիոնաւոր զոհեր ու հաշմանդամներ տուած են, մինչ «իմաստուններ»-ը իրենք զիրենք բանտարկած կը պահէին բիւզանդական այլ վէճերու մէջ… Արդեօք ֆրանսացիին զոհը աւելի՞ արժէք կը ներկայացնէ, քան` քիւրտին, արաբին ու եզիտիին զոհերը (ոճիր է նման հարցում դնելն անգամ):
Տակաւին, ինչո՞ւ կլանուիլ քարոզարշաւներու այն ոլորապտոյտին մէջ, որ կը միտի քողարկել այս տագնապներուն իսկական պատճառները, բուն հեղինակները, եւ ոչ միայն կամակատարները, վարագոյրներու ետին պահուըտած սկզբնաւորող-քաջալերողները, եւ ճակատաբաց չյայտարարել, թէ երրորդ աշխարհամարտի մը տարողութիւնը զգեցած տագնապը ջուր կը խմէ փոքրամասնութեան մը շահամոլ հաշիւներէն, կամ աչք փակել Թուրքիոյ նման երկիրներու ոճրային քաղաքականութեան վրայ:
Գոնէ մենք` հայերս, դար մը առաջ ցմրուր ըմպած ենք գունագեղ ոճիրներ հնարող թուրքի ուղեղին «պտուղները», հող, տուն, ստացուածք եւ կեանքեր կորսնցուցած ենք այնպիսի քաղաքականութեան մը պատճառով, որուն նորագոյն կիրարկումը տեղի կ՛ունենայ այսօր, մասնաւորաբար` Իրաքի, Սուրիոյ եւ շրջանի այլ երկիրներու մէջ:
Բնականաբար պէտք չէ բաւականանալ միայն ԲՈՒՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐԸ ուղղելով, այլ պէտք է իսկական միջոցներ որոնել նման ոճիրներու դադրեցման ու կանխարգիլման նպատակով: