ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
«Ազգ» հասկացողութիւնը հետեւեալ ձեւով կը բնութագրուի, մարդոց պատմական-մշակութային հաւաքականութիւն, որ կը յառաջանայ անոնց հողատարածքի, տնտեսական կապերու, գրական լեզուի, մշակոյթի եւ բնաւորութեան որոշակի առանձնայատկութիւններու ձեւաւորման ընթացքի շրջանին: Ազգերու ձեւաւորման զուգընթաց ծագած է ազգային հարցը:
ՀՅԴ ծրագիր, ՀՅԴ-ի հիմնադիրներ, ՀՅԴ կուսակցութեան Ընդհանուր ժողովներ, եւ դաշնակցականներ «Ազգ» հասկացողութիւնը լուսարձակի տակ առած են եւ ՀՅԴ գաղափարաբանութեան հիմունքներու մէջ` անոր յատուկ տեղ տուած:
Այսպէս, «Ծրագիր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան» (1998) մէջ ազգի մասին հետեւեալ ձեւով կը բացատրուի. «ՀՅ Դաշնակցութեան համար ազգը` իբրեւ պատմական-մշակութային, լեզուական եւ ընկերային-քաղաքական ուրոյն ամբողջութիւն, հիմնական արժէք է եւ համամարդկային զարգացման ու հոգեմտաւոր բազմակողմանի հարստացման էական գործօն»:
«Ազգը մարդկային ընկերութեան զարգացման ամենակենսունակ միջավայրն է, ուր անհատը ձեռք է բերում հոգեմտաւոր բարգաւաճման լայն հնարաւորութիւն, լիակատար հաղորդակցութեան եւ սեփական կարողութիւնների զարգացման առաւելագոյն հնարաւորութիւն:
«Մերժելի է, սակայն, ազգային բացառիկութեան ամէն գաղափար եւ ազգայնամոլութեան ամէն երեւոյթ` իբրեւ մարդկային ընկերութեան բնականոն զարգացումն արգելակող դրսեւորումներ:
«Ամէն ազգի բնական եւ անկապտելի իրաւունքը կազմում է սեփական հայրենիքը` իր պատմաշխարհագրական բնօրրանը, իբրեւ ինքնուրոյն գոյատեւման, առաջադիմութեան եւ ստեղծագործութեան կենսական ազդակ:
«Իր հայրենի տարածքի վրայ իւրաքանչիւր ազգի գոյատեւման երաշխիքը անկախ եւ իրաւական պետականութիւնն է: Այն մարմնաւորում է ազգի քաղաքական կամքը, պաշտպան նրա շահերը եւ ապահովում նրա անվտանգութիւնն ու ինքնուրոյն զարգացումը: Անկախ պետականութիւնը նաեւ ընկերութեան բնականոն առաջընթացի նախապայմանն է: Քաղաքական որեւէ վարչակարգի եւ իշխանութեան պարտադրումը ազգերի ինքնորոշման սկզբունքի կոպիտ խախտում է, բռնատիրութիւն է եւ ըստ ամենայնի` մերժելի: Ինքնորոշման իրաւունքը անժամանցելի է եւ զօրեղ կը լինի նոյնիսկ, երբ բռնագաղթով կամ ցեղասպանութեամբ ազգը դուրս է մղւում իր հայրենիքից: Ազգը բնաջնջելու ամէն փորձ յանցագործութիւն է մարդկութեան դէմ: Բոլոր ազգերի անժխտելի իրաւունքն է ազգային ազատագրական պայքարի ճանապարհով եւ նպատակայարմար այլ միջոցներով տապալել ամէն կարգի բռնապետութիւն:
«Ազգերը, իրենց առանձնայատկութիւններով, ուրոյն եւ ինքնատիպ մշակոյթով միայն հարստացնում են մարդկութեանը: Իրաւահաւասար ազգերի ներդաշնակ համակեցութեամբ է, որ բացառւում է նրանց ձուլումը»:
Հմուտ ընկերաբան, անուանի հռետոր եւ մանկավարժ` Գարեգին Խաժակ (Գարեգին Չագալեան) 1912-ին «Ի՞նչ Է ազգութիւնը» գիտական հետազօտութեան մէջ այսպէս կը բնութագրէ ազգը. «Ազգ կոչւում է մարդկանց այն մեծ խումբը, որ սերնդից սերունդ` դարեր շարունակ ապրելով միեւնոյն բնական եւ պատմական միջավայրում, իր կուլտուրայի բոլոր հարցերը լուծել է իր համար ինքնուրոյնաբար. դրանով ժամանակի ընթացքում, երկար միասնակեցութեան շնորհով ստեղծուել է ազգային մի ընդհանուր ոգի կամ ներքին սուբեկտիւ աշխարհ, ազգային ստեղծագործութեան ինքնուրոյն ձեւեր, ազգային յատուկ բնաւորութիւն եւ նոյնիսկ ազգային առանձնայատուկ ֆիզիքական եւ հոգեբանական տիպ»:
Իսկ կուսակցական քաղաքական գործիչ Յովհաննէս Քաջազնունի (Յովհաննէս Իգիթխանեան) այսպէս կ’ընդգծէ ազգը. «Ազգը մշակոյթ է: Ազգի կորուստը մի ուրոյն մշակոյթի եւ ամէնից առաջ մի ուրոյն լեզուի կորուստ է: Իսկ լեզուի կորուստը գրականութեան կորուստ է, այսինքն մտածելու, զգալու եւ արտայայտուելու մի յատուկ ձեւի կորուստ»: Ապա ան կ’աւելցնէ, թէ. «Ազգը կենդանի է իր լեզուով, ինչպէս եւ լեզուն կենդանի է այնչափ միայն, որչափ կենդանի է ազգը:
«Լեզուի մահը` ազգի մահն է, ինչպէս եւ ազգի մահը` լեզուի մահն է»:
Քաջազնունի ազգի գոյութեան համար այսպէս կը գրէ. «Ազգը պահելու համար պէտք է ունենալ հայրենիք, պէտք է կազմել ազգային պետութիւն»:
Ապա, «Ազգային հաւաքականութիւնը կազմող տարրերի մէջ ամէնից կարեւորը, ամէնից բնորոշը ու ամէնից վճռականը լեզուն է: Ոչ ցեղը, ոչ պետութիւնը, ոչ տերիտորիան, ոչ կրօնը, ոչ կենցաղը եւ ոչ մի այլ յատկանիշ չի կարող բացատրել ու սահմանել «ազգ» երեւոյթը այնքան լրիւ, որքան լեզուն: Մինչ այն աստիճանի, որ կարելի է ասել առանց մեծ տատանումների, որ ազգը իր երեք քառորդով լեզու է, եւ որ լեզուն երեք քառորդի չափով սպառում է արդէն «ազգ» գաղափարի բովանդակութիւնը», կ’ըսէ ան` աւելցնելով. «Ազգը դրական երեւոյթ է. ապազգային ընկերութիւն երեւակայելը ցնորք է»:
Ազգային-պետական ղեկավար գործիչ Նիկոլ Աղբալեան բացառիկ բանաձեւումով մը ազգը կը բնութագրէ. «Ազգը մենք նկատում ենք հաւաքական միաւոր, որ ունի իր սեփական կերպարանքը. նա պէտք է դառնայ իրաւական անձնաւորութիւն` միջազգային իրաւունքի հանդէպ: Ինչ յարաբերութիւն որ ունին անհատներն իրար հանդէպ եւ օրէնքի դիմաց, պէտք է ունենան եւ ազգերն իրար հանդէպ` միջազգային օրէնքի դիմաց, որ ոչ թէ ուժի գործիք պիտի դառնայ, այլ` արդարութեան ուժ»:
Բազմաշնորհ ու տաղանդաշատ մտքի մշակ Լեւոն Շանթ (Լեւոն Սեղբոսեան) կը գրէ. «Ազգը ինքը քաղաքակրթութիւն արտադրող օրկանիզմ է: Մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան զարգացման հետ ազգութիւնն ու ազգայինը ոչ թէ կը թուլանան, կը հիւծին ու կը մեռնին, այլ ընդհակառակը, քաղաքակրթուիլը եւ միշտ բարձրին ձգտիլը ամէնէն հիմնական պայմանն է ազգութիւններու զարգացման, ազգային գծերու ուժեղացման, եւ իր ուրոյնութեան գնահատումին». ու ապա կ՛աւելցնէ, թէ` «Ազգի կազմութեան մէջ նկատելի է կուլտուրական երեւոյթներու խաղացած դերը: Ժողովուրդներու անհատականութիւնն է ու կ’անուանենք ազգութիւն»:
Զինուորական-կազմակերպական մեծ տաղանդ ու հայ ժողովուրդի պանծալի հերոս Գարեգին Նժդեհ (Գարեգին Տէր Յարութիւնեան) հետեւեալ տողերուն մէջ կը հիմնաւորէ ազգը. «Դաշնակցութիւնը ցայսօր ձգտել է ազգ դառնալ, այսինքն` հայութիւնը կաղապարել ըստ իր էութեան: Ազգի մէջ ձուլուելով, ազգն իր մէջ ձուլելու փորձ է Դաշնակցութիւնը: … Ահա թէ ինչո՛ւ կ’ուզէինք, որ իր քառասնամեակից յետոյ Դաշնակցութիւնը, իբրեւ իր ցեղի առաջապահը, աւելի մեծ թափով ու նուիրումով շարունակէր Հայոց Ազատամարտը…
«Դաշնակցութիւնը դա քաղցր ու նուիրական դաշնակցութիւնն է ցեղի եւ ժողովրդի միջեւ: Դա ցեղի դրո՛շմն է` դրուած ժամանակակից հայութեան էութեան վրայ: Ցեղի ուղղութիւնն է Դաշնակցութիւնը, որի միջոցով ցեղն իր պատասխանատուութեան ենթարկելով ժողովուրդը, այդ վերջինը իր գիտակցութեան, ուժի եւ արժէքի լրումին կը մղի»:
Հայկական հրապարակագրութեան վարպետ Շաւարշ Միսաքեան կը գրէ. «Եւ ազգը, որ չի ստեղծագործեր կեանքի յեղափոխման շրջաններուն, ինչպէս ներկայ պահը, եւ անհաղորդ հանդիսատեսը կը դառնայ իր շուրջ կատարուած պատմական փոփոխութեանց` առանց նոյնանալու անոնց հետ, առանց իր կենսունակութեան աղաղակը բարձրացնելու ընդհանուր աղմուկին մէջ, արդէն կնքած է իր պատմութիւնը»:
Մեծ մտաւորական, ուսուցիչ ու դաշնակցական գործիչ Մուշեղ Իշխան համեմատութեամբ մը կը ներկայացնէ ազգը. «Անհատը կը ծնի, ազգը կը կազմուի:
«Անհատի կեանքը ժամանակաւոր է, ազգինը յաւերժական:
«Անհատի իրաւունքներն ու ազատութիւնը իրեն հետ կը ծնին` իբրեւ բնական երեւոյթ, ազգինը ձեռք կը բերուին պահանջատիրութեամբ եւ անվերջ պայքարով»:
Միւս կողմէ` ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեան հայ ազգի գոյատեւման համար իր միտքը այսպէս կը պարզաբանէ. «ԵթԷ կ’ուզենք արժանապատիւ ազգ ըլլալ, վերահաստատել մեր ոտնակոխուած իրաւունքները եւ մեզի հասնելիք արդար տեղը գրաւել աշխարհի քարտէսին վրայ ու մարդկային քաղաքակրթութեան մէջ, ապա պարտաւոր ենք չշեղիլ Յարատեւ Կռիւի օրէնքներէն, որքան ալ երեւութապէս դաժան ըլլան անոնք»:
«Ազգ» հասկացողութիւնը Դաշնակցութեան համար երբ կը նոյնանայ Ազգի ու Հայրենիքի հետ զուգահեռ վերջապէս դաշնակցական անխոնջ ծառայ, մտաւորական Վազգէն Էթիէմէզեան կը գրէ. «Վերջին հաշուով, ԱԶԳն ու ՀԱՅՐԵՆԻՔն են, որ, ապրումի վերածուած կենցաղի ընդմէջէն, կը վերապրին իւրաքանչիւր անհատի իւրաքանչիւր կեցուածքին ու արարքին մէջ»:
Ազատամարտիկ, մարտական հմուտ ղեկավար Դ(Տ)ուշման (Վարդան Ստեփանեան) Դաշնակցութեան պայքարի եւ Դատի սկզբունքային հարցը Ազգ եւ Հայրենիք զոյգ գործօններու մասին զոհողութիւնը իր մօրմէն աւելի կը գերադասէ, երբ կ’ըսէ. «Մէր, քո մահն անգամ ինձ յետ չի պահի: Քեզանից թանկ բան կայ` ազգ ու հայրենիք…»:
Հուսկ, քաջ գիտնալով, որ Ազգը մարդկային ընկերութեան զարգացման ամենակենսունակ միջավայրն է, առ այդ, դաշնակցականներու վերոնշեալ միտքերը լաւագոյնս կը դրսեւորեն ՀՅԴ-ի սկզբունքը եւ նայուածքը «Ազգ» հասկացողութեան շուրջ:
(Շար. 4)