Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկացիներուն Միայն 35 Տոկոսը Տեղեակ Է Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

November 24, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

harut-sassunian1ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

«Զոկպի» հետազօտական կեդրոնի (Zogby Analytics) կողմէ նոյեմբեր 9-ին առաջին անգամ իրականացուած հեղինակաւոր ամերիկեան հարցախոյզը ցոյց կու տայ ամերիկեան հասարակութեան գիտելիքներու մակարդակն ու կարծիքը Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արցախի վերաբերեալ: Բացառապէս տողերու հեղինակին տրուած հարցախոյզի արդիւնքներուն անճշդութիւնը կը տատանի 3,1 տոկոսի սահմաններուն մէջ:

Այն հարցումին, թէ արդեօք տեղեա՞կ էք, որ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութիւն, զարմանալի է, որ հարցման մասնակիցներուն միայն 34,8 տոկոսը դրական պատասխան տուած է. 49,6 տոկոսը ըսած է` «Ոչ», իսկ 15,6 տոկոսը` «Գաղափար չունիմ»: Կ՛ակնկալէինք, որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն շատ աւելի բարձր տոկոսը տեղեակ ըլլար Հայոց ցեղասպանութեան մասին, յատկապէս` հարիւրամեակի այս տարուան ոգեկոչման մեծ ձեռնարկներէն ետք: Այն փաստը, որ ամերիկացիներուն կէսը երբեք չէ լսած 1,5 միլիոն հայերու ցեղասպանութեան մասին, ցոյց կու տայ, որ անհրաժեշտ են մեծ ջանքեր` հանրութեան դաստիարակութեան համար:

«Զոկպի» հետազօտական կեդրոնը իր հարցման մէջ ծաւալուն տեղեկատուութիւն կը տրամադրէ մասնակիցներուն անձնական տուեալներուն մասին: Ահա` քանի մը հետաքրքրական մանրամասնութիւններ.

– Մինչ արական սեռի մասնակիցները վերոնշեալ հարցումին վերաբերեալ իրենց իմացութեամբ կը բաժնուին հաւասարապէս կիներու մէջ խիստ անհաւասարակշռութիւն կայ. Հայոց ցեղասպանութեան մասին անտեղեակ կիներու թիւը երկու անգամ կը գերազանցէ տեղեկացուածներու թիւին:

– Պատասխանողներուն մօտ կէսը հաւասարապէս անտեղեակ է Հայոց ցեղասպանութեան մասին` անկախ կուսակցական պատկանելիութենէ: Ազատականները քիչ մը աւելի տեղեկացուած են, քան` չափաւորները եւ պահպանողականները: Զարմանալի է, որ  «Թէյի կուսակցութեան» (Tea Party) եւ «Գրաւէ Ուոլ Սթրիթը» (Occupy Wall Street) շարժման համակիրներուն մեծամասնութիւնը իրազեկ է Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

– Համալսարաններու շրջանաւարտներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին իրազեկուածութիւնը աւելի բարձր է, քան` չաւարտածներուն:

– Հայոց ցեղասպանութեան մասին առաւել տեղեկացուած է 25-34 տարիքային խումբը, իսկ  ամենաքիչ` 35-53 տարիքային խումբը:

– Սպանախօս ամերիկացիները աւելի քաջատեղեակ են Հայոց ցեղասպանութեան մասին, քան` «սպիտակները». ամենաքիչ տեղեկացուածները ափրիկեցի-ամերիկացիներն ու ասիական ծագում ունեցող ամերիկացիներն են:

– Կաթողիկէները աւելի տեղեակ են Հայոց ցեղասպանութեան մասին, քան` բողոքականները:

– Արեւմտեան ափի ամերիկացիները աւելի տեղեակ են Հայոց ցեղասպանութեան մասին, քան` արեւելքի մէջ ապրող անոնց հայրենակիցները,  իսկ ամենաանտեղեակները Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական եւ հարաւային նահանգներու մէջ ապրող ամերիկացիներն են:

– Հայոց ցեղասպանութեան մասին ամենաշատ գիտեն ամենաբարձր եկամուտներ ունեցող (100 հազար տոլար եւ աւելի) ամերիկացիները, իսկ ամենաքիչը` անոնք, որոնք ունին 35-50 հազար տոլարի տարեկան եկամուտ:

Ընդհանուր առմամբ, Հայոց ցեղասպանութեան մասին առաւել տեղեկացուած ամերիկացին արական սեռին կը պատկանի, աջակողմեան կամ ձախակողմեան թեւի գործիչ, համալսարանի շրջանաւարտ, 25-35 տարեկան, սպանախօս, կաթողիկէ, կ՛ապրի Արեւմտեան ափին եւ ունի աւելի քան 100 հազար տոլարի տարեկան եկամուտ, իսկ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ամենաանտեղեակ ամերիկացին իգական սեռի ներկայացուցիչ է, գլխաւոր կուսակցութիւններու անդամ, բարձրագոյն կրթութիւն չունի, 35-53 տարեկան է, ափրիկեցի-ամերիկացի կամ ասիական ծագում ունեցող, բողոքական, կ՛ապրի կեդրոնական կամ հարաւային նահանգներու մէջ եւ ունի 35-50 հազար տոլարի տարեկան եկամուտ:

Ահա Ցեղասպանութեան ու Արցախին առնչուող միւս ութ հարցումներուն պատասխանները.

– Ամերիկացիներուն 46,5 տոկոսը կողմ է, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պէտք է կոչ ընէ Թուրքիոյ` հրապարակայնօրէն ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը.  16,1 տոկոսը դէմ է, իսկ 37,4 տոկոսը չի գիտեր:

– 39 տոկոսը կողմ է, որ` «Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը պէտք է բանաձեւ ընդունի Հայոց ցեղասպանութեան մասին…  եթէ նոյնիսկ ատոր պատճառով խզուին դիւանագիտական յարաբերութիւնները Միջին Արեւելքի գլխաւոր ռազմավարական դաշնակիցին հետ», 22,5 տոկոսը դէմ է, իսկ 38,5 տոկոսը չի գիտեր:

– 63,2 տոկոսը կողմ է, որ` «Եթէ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցը կը նախաձեռնէ ծրագիր մը` բնակչութիւնը իր սեփական երկրին մէջ ոչնչացնելու, հալածելու կամ տեղահանելու համար, ապա Միացեալ Նահանգներ պէտք է դադրեցնեն տնտեսական եւ/կամ ռազմական օժանդակութիւնը այդ դաշնակիցին».  10,5 տոկոսը դէմ է, իսկ 26,3 տոկոսը չի գիտեր:

– 20,1 տոկոսը կը կարծէ, որ երբ որեւէ երկիր ցեղասպանութիւն կ՛իրականացնէ, ապա ան պէտք է «գումարային» փոխհատուցում վճարէ, 11,8 տոկոսը կ՛ըսէ, որ ան պէտք է փոխհատուցէ բռնագրաւուած «հողերը» վերադարձնելով, 10,7 տոկոսը` «մէկ այլ խորհրդանշական արարքով», 9,4 տոկոսը` «ոչ մէկ փոխհատուցում պէտք է վճարէ», իսկ 48 տոկոսը չի գիտեր:

– 31,3 տոկոսը կը կարծէ, որ ՄԱԿ-ը պէտք է որոշէ, թէ ի՛նչ փոխհատուցում պէտք է տրուի ցեղասպանութեան իրագործման պարագային. 23,8 տոկոսը կ՛ըսէ, որ ատիկա պէտք է որոշէ Միջազգային քրէական դատարանը. 12,1 տոկոսը` Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը, 3 տոկոսը` «Էմնըսթի ինթըրնէշընըլ»-ը, 2,5 տոկոսը` Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը, 0,8 տոկոսը` Հռոմի պապը, իսկ 26,5 տոկոսը չի գիտեր:

– 37,9 տոկոսը կը կարծէ, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է «տնտեսական պատժամիջոցներ» կիրարկեն ընդդէմ այն երկրին, որ` «կը հրաժարի ճանչնալէ եւ պատասխանատուութիւն կրելէ մարդկութեան դէմ գործած իր յանցագործութիւններուն համար», 16,4 տոկոսը կ՛ըսէ, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է «քաղաքական / դիւանագիտական ճնշում» գործադրեն. 8,6 տոկոսը` էմպարկօ, 2,6 տոկոսը` Միացեալ Նահանգներ պէտք է պատերազմ յայտարարեն. 4,5 տոկոսը` «ոչինչ ընէ», իսկ 30 տոկոսը չի գիտեր:

– 38,3 տոկոսը կողմ է, որ` «Միացեալ Նահանգներ պէտք է միջամտեն, եթէ Ազրպէյճան փորձէ արտաքսել [Արցախի]  քրիստոնեայ հայերը, որոնք դարեր շարունակ հոն կ՛ապրին». 21,8 տոկոսը դէմ է, իսկ 39,9 տոկոսը չի գիտեր:

– 40,4 տոկոսը կողմ է, որ եթէ յանկարծ Ազրպէյճան յարձակի Արցախի վրայ, ապա Միացեալ Նահանգներ պէտք է կոչ ընեն Իսրայէլի, որ ժամանակակից զէնքեր կը վաճառէ Պաքուին, խզէ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները Ազրպէյճանի հետ. 16,9 տոկոսը դէմ է, իսկ 42,7 տոկոսը չի գիտեր:

Իր տեսակին մէջ առաջին նման հարցախոյզը կրնայ ծառայել որպէս կարեւոր ուղեցոյց ամերիկահայ համայնքին համար` իմանալու, թէ ո՛ւր պէտք է կեդրոնացնել իր դաստիարակչական ճիգերը եւ լոպիստական աշխատանքները:

www.TheCaliforniaCourier.com

Թարգմանութիւնը`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն «Աղբերու Կուտակումը Եւ Մեր Առողջութիւնը» Նիւթով

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Արցախի Դերը Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարում

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.