Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՓԱԿՈՒՄ` «ԱՆՈՒՇ ՀԱՅՐԵՆԻՔ» ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ-ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՃԱՄԲԱՐԻՆ

August 27, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան, երկուշաբթի, 15 օգոստոս 2011-ին, Հայաստանի Սիւնիք մարզի Սիսիան քաղաքին մէջ ընթացք առաւ «Անուշ հայրենիք» պատանեկան-երիտասարդական ճամբարը, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց շրջանին մէջ եւ որուն հետեւանքով մասնակցողներու թիւը հասաւ 300-ի: Ինը ԼԵՄ-ականներ գործուղուեցան իրականացնելու համար այս աշխատանքը:

Երկու տարբեր տարիքային ծրագիրներ պատրաստուած էին հետեւեալ ձեւով` առաջինը 6-էն 11 տարեկան, իսկ երկրորդը 12-էն 16 տարեկան: Իւրաքանչիւր տարիքային բաժին ունէր իրեն յատուկ դասագիրքերը: Մասնակցողները բաժնուած էին ութ տարբեր խումբերու, որոնք կը կրէին հետեւեալ անունները` Արա Գրճըլեան, Սիմոն Եահնիեան, Վաչէ Տաղլեան, Սարգիս Աբրահամեան, Սեդրակ Աճեմեան, Վիգէն Զաքարեան, Մհեր Ջուլհաճեան եւ Պետօ Ղեւոնդեան:

Աշխատանքի բնոյթը ազգային-դաստիարակչական ըլլալով` ծրագիրը կ՛ընդգրկէր ՀՅԴ պատմութեան ուսուցում, յեղափոխական դէմքերու եւ դէպքերու ծանօթացում, Հայ դատի ներկայ աշխատանքներու եւ ապագայի մարտահրաւէրներու ներկայացում, զրոյցներ, դաստիարակչական խաղեր եւ երգի ուսուցում: Ծրագիրը կ՛ընդգրկէր նաեւ մրցանքներ եւ մարզական խաղեր:

Մասնակցողներուն բաժնուեցան թի-շըրթներ, գլխարկներ, գրենական պիտոյքներ, ձայնասկաւառակներ եւ սթիքըրներ: Աւարտին, անոնք նաեւ ստացան Լիբանանի երիտասարդական միութեան վկայագիրը: Երկրորդ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցան շարադրական ու գծագրական մրցանքներ եւ մարզական խաղեր, որոնց ընթացքին մրցակցութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին:

Հինգշաբթի, 25 օգոստոսին, մասնակից պատանիները երթով անցան ամբողջ Սիսիանի թաղամասերէն  եւ յեղափոխական երգեր երգելով ստեղծեցին ոգեւորիչ մթնոլորտ: Արշաւը աւարտեցաւ Սիսիանի նահատակաց պանթէոնին մէջ, ուր կը հանգչին Արցախի մէջ նահատակուած սիսիանցի ազատամարտիկները:

Աշխատանքի վերջին օրը տեղի ունեցաւ փակման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ  ՀՅԴ «Գրիգոր Գրիգորեան» կոմիտէութեան, մեծ թիւով ծնողներու եւ համակիրներու: ԼԵՄ-ի անունով խօսք արտասանեց Քրիստին Սրապոնեան, որ շրջանի բնակչութեան ջերմ ընդունելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք կարեւոր նկատեց կայացումը նման ծրագիրներուն, որոնք սատար կը հանդիսանան Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն: Մասնակիցներուն անունով երկու պատանիներ փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքերն ու տպաւորութիւնները, տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն եւ կիրարկուեցաւ հայրենասիրական բնոյթով գեղարուեստական յայտագիր: Ապա, կոմիտէութեան կողմէ խօսք առաւ Սամուէլ Աւետեան, որ ողջունեց Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը իր այս աշխատանքին համար` յուսալով, որ յառաջիկայ տարի նոյնպէս նման աշխատանք կ՛իրականացուի: Խօսքի աւարտին,  Աւետեան յուշանուէրներ յանձնեց ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ինչպէս նաեւ գործուղուած ընկերներուն: Ձեռնարկի աւարտէն ետք երեկոն շարունակուեցաւ խարուկահանդէսով մը, որմէ ետք ԼԵՄ-ականները  ցտեսութիւն յայտնելով մեկնեցան Սիսիանէն:

 

Նախորդը

ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 2500 ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆԻ «ՈՎԱՍԻՍ»Ի ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՀԱՆԴԷՍԸ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԿԱՅՔԷՋԻՆ ՆՈՐ ԹԱՐՄԱՑՈՒՄՆԵՐԸ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.