Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

Նոյեմբեր 10, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Banner-himna-color-2015

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր մարմինը տասներորդ տարին ըլլալով կը կազմակերպէ դրամահաւաք-Ռատիոթոն:

Նախորդող երկու տարիներուն, «Դէպի Արցախ» կարգախօսով ընթացած համահայկական դրամահաւաքներով գոյացած գումարներով Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի կառուցման աշխատանքները ամբողջացնելէ ետք, այս տարի որդեգրուած է «Մեր տունը» խորագիրով ծրագիրը, որ կը միտի Արցախի տարածքին ապրող բազմանդամ ընտանիքներ օժտել նորակառոյց  բնակարաններով:

Այս տարուան դրամահաւաքին մասնակցելով` դուք ձեր ներդրումը պիտի ունենաք բնակարանաշինութեան կարեւոր ծրագիրի իրագործման, եւ պիտի նպաստէք Արցախի տարածքին բնակող եւ հինգէ աւելի զաւակ ունեցող ընտանիքներուն ապահով երդիքի հայթայթման:  Շնորհիւ նորակառոյց այս բնակարաններուն, անոնց պիտի շնորհուի ալ աւելի ապահով կեանք, գոյատեւել շարունակելու համար ազատ եւ անկախ Արցախի Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ, ամրապնդելով անոնց կապը Արցախի հողին հետ:

Ներկայ տուեալներով, Արցախի մէջ կ՛ապրին 466 բազմանդամ ընտանիքներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի հինգէն տասը զաւակ: Մշակուած ծրագիրին համաձայն, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի իւրաքանչիւր շրջան պիտի ստանձնէ ընտանիքի մը (կամ աւելի) բնակարանի կառուցման ամբողջական ծախսերը:

Այս նպատակով համահայկական թելեթոնը կը կազմակերպուի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, հինգշաբթի, 26 նոյեմբերի 2015-ին: Իր կարգին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր մարմինը իր տարեկան դրամահաւաք ռատիոթոնը կը կազմակերպէ նոյն օրը, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ:

Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն անխտիր, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի եւ ռատիոթոնի տասնամեակի զոյգ առիթներուն զուգադիպող այս տարուան ընթացքին, համախումբ մասնակցութիւն բերելու այս դրամահաւաքին եւ թէկուզ փոքր նուիրատուութիւններով մասնակից դառնալու  Արցախի անկախութեան ամրագրման, հայ ժողովուրդի հզօրացման եւ հայրենիքի բարգաւաճման մեծապէս նպաստող այս կարեւոր ծրագիրի իրագործման:

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ

Պէյրութ, 29 հոկտեմբեր 2015

 

Նախորդը

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ «Ռիփաթ Արմինիա»-ի. Հայաստան Հաստատուելու Եւ Հայրենիքի Մէջ Աշխատանքի Առիթներու Վերաբերեալ Հանդիպում-Զրոյց

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?