Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.- ԼԻԲԱՆԱՆԻ 34-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՌԵԼԻՆ` 16-18 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ

August 27, 2011
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Անցեալ տարուան ռելիին աւարտը

Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Ա. Թէ. Սէ. Էլ. յայտարարեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հովանաւորութեամբ տեղի ունենալիք Լիբանանի 34-րդ միջազգային ռելիին համար թուական ճշդուեցաւ 16-18 սեպտեմբերը:

Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը, նշենք, որ Լիբանանի ռելին կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի 2011-ի ռելիներու ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ:

Այս ռելիին ընդհանուր երկարութիւնն է 861 քմ, որուն 262,50 քմ-ը` արագութեան հանգրուաններ (թիւով 14):

Կազմակերպիչ յանձնախումբը նշեց, որ արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է յառաջիկայ 2 սեպտեմբերի ժամը 17:00-ն, Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք):

Ցարդ արձանագրուած վարորդներուն կարգին է վեց անգամ Միջին Արեւելքի ախոյեան հանդիսացած քաթարցի Նասեր Սալեհ Աթիէ:

Սակայն ան միշտ ալ կը ձախողի Լիբանանի ռելիին տիրանալ` նկատի ունենալով, որ լիբանանցի փորձառու վարորդ Ռոժէ Ֆըղալի (վերջին եօթը տարիներուն առաջին հանդիսացած) արգելք կը հանդիսանայ, որ ան գրաւէ առաջին դիրքը:

Այս ռելիին սկիզբի ազդանշանը պիտի տրուի ուրբաթ, 16 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի կեդրոնատեղիին առջեւէն: Ինքնաշարժներուն կառատունը եւ անոնց նորոգութեան վայրը պիտի ըլլայ Ֆուատ Շեհապ մարզահամալիրին բակը: Ժամանման գիծը դարձեալ պիտի ըլլայ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի կեդրոնատեղիին մէջ:

Յամենայն դէպս, յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալու համար կազմակերպիչ յանձնախումբը հինգշաբթի, 8 սեպտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին իր կեդրոնատեղիին մէջ պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը:

Նախորդը

ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ «ՊԱՅՔ ՃԵՆԸՐԷՅՇԸՆ»Ի ՓՈՔՐԵՐՈՒ ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒԻ ՄԱՐԶՈՒՄՆԵՐ` ՇԱՊՐՈՒՀԻ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՏԻԳՐԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ՃԱՏՐԱԿԻ ԱԿՈՒՄԲ` ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.