
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ նշեց, որ Լիբանանի ընդհանուր վարչակարգը վտանգի ենթակայ է` քաղաքացիական շարժումին եւ աղքատութեան համեմատութեան պատճառով:
Միւս կողմէ, ահաբեկչութեան եւ լրտեսումի դէմ իր մղած պայքարին շրջագիծին մէջ, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ հարաւային Լիբանանի մէջ իր ուժերը ձերբակալած են լրտեսումի ցանց մը, որ աւելի քան տարիէ մը ի վեր կը գործէր Իսրայէլի հաշուոյն:
Սայտայի շրջակայքին մէջ ձերբակալուած այս ցանցը գաղտնի լսումներ կը կատարէր եւ տեղեկութիւններ կը պատրաստէր Նասըրական շարժումի ղեկավար Ուսամա Սաատի եւ Քուտս մզկիթի իմամ շէյխ Մահեր Համմուտի մասին:


