Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեւմուտքը Կը Սիրէ Կուլ Տալ Էրտողանի Թուրքիոյ Դառն «Դեղերը»

Նոյեմբեր 6, 2015
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

01-Erdogan_110615

Զարմանալի՞ էր, որ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կուսակցութիւնը շահեցաւ Թուրքիոյ ընտրութիւնները:

Բնականաբար` ո՛չ: Փաստօրէն, նախորդ ընտրութիւններուն, իր վայելած մեծամասնութեան կորուստէն ետք, ու մասնաւորաբար` նոր ընտրութիւններու որոշումին իսկ ազդանշանով, Թուրքիոյ նախագահն ու իր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը երկիրը դրին այնպիսի ճամբու մը մէջ, որուն աւարտին, կիրակի, 1 նոյեմբերին, զարմանալի պիտի ըլլար, եթէ Էրտողան եւ իր խունթան դարձեալ կորսնցնէին:

Յունիսէն ասդին, ու մանաւանդ` վերջին քանի մը շաբաթներուն, Թուրքիոյ իրողական գետինին վրայ արձանագրուող զարգացումները ի յայտ բերին ընտրութիւններէն ԱՄԷՆ ԳՆՈՎ յաղթական դուրս գալու էրտողանական վճռակամութիւն մը: Մի՛ հարցնէք, թէ նախագահին կուսակցութեան անունին մէջ արդարութիւն եւ բարգաւաճում եզրերը ի՞նչ նշանակութիւն կամ արժէք ունին, որովհետեւ իրականութիւնները փաստեցին, թէ բռնատիրական ոճով իշխանութեան վերահաստատման ձգտումը ո՛չ արդարութիւն կը ճանչնայ, ո՛չ ալ բարգաւաճումի մասին մտածած ունի (բացի, անշուշտ, սեփական շահերու բարգաւաճումէն):

Եթէ միայն թւումի կարգով արձանագրենք քանի մը կէտ, պարզ աչքերով կրնանք տեսնել, թէ իշխանութիւնը ինչպիսի՛ արդարութեան ու ժողովրդավարութեան ձգտումով երկիրը հասցուց այս հանգրուանին:

03-erdogan_110615

Նախորդ ընտրութիւններուն յառաջխաղացք արձանագրած ընդդիմադիր կուսակցութիւնները ճնշելու եւ զանոնք խորտակելու համար իշխանութիւնը կանգ չառաւ որեւէ արգելքի առջեւ: Կուսակցական ու մամուլի կեդրոններ ոստիկանական արշաւանքներու թիրախ դարձան, ընտրական արշաւներ խափանուեցան հրապարակային եւ քովընտի միջոցներով, իշխանութեան բռնարարքներուն դէմ ցոյցեր դիմաւորուեցան աւելի բիրտ ճնշումներով, քուէներ կեղծուեցան կամ կարգ մը շրջաններու մէջ քուէարկողներուն արգիլուեցաւ քուէ տալ…  Մէկ խօսքով, Էրտողան իր ժողովուրդին ու աշխարհին ներկայացաւ այն պատմուճանով, որ միջազգային մամուլը երկար ատենէ ի վեր կը ներկայացնէ զինք, այսինքն` սուլթան Համիտի փաթթոցով ու զգեստաւորումով, յաճախ նաեւ` եաթաղան ի ձեռին:

Ներքին բեմին վրայ այս ու նմանօրինակ բռնամիջոցներու զուգահեռ, Էրտողան եւ ընկերակիցներ շրջանային բեմին վրայ ալ դիմեցին արիւնալի քայլերու, որոնք յատկանշած են սուլթանական, իթթիհատական, քեմալական կամ ժառանգորդներու Թուրքիան: Քիւրտերու դէմ յարձակումները ստացան նոր ջարդերու տարողութիւն, տարածուեցան Սուրիոյ ու Իրաքի սահմաններէն ներս, մինչդեռ արար աշխարհին ծանօթ է, որ քիւրտերը մասնակից են ծայրայեղականներու դէմ կռիւներուն, Արեւմուտքի օժանդակութեամբ կը ջանան զսպել այն վոհմակները, որոնք փաստօրէն կը զինուին ու կարելի ամէն տեսակի օժանդակութիւն կը ստանան… Էրտողանի Թուրքիայէն, որ այլապէս, տարիներէ ի վեր իր սահմանները բաց թողած է ծայրայեղականներուն առջեւ, օր ցերեկով թալանի ելած է Սուրիոյ հիւսիսային գօտիին մէջ. Քեսապի եւ Հալէպի ողբերգութիւնները ունին բազմաթիւ երեսներ…

Էրտողանի Թուրքիան չերկմտեցաւ նաեւ ոճրագործ ահաբեկիչներ արձակելու դէպի արաբական այլ երկիրներ. Եգիպտոսը, Եմէնն ու Լիպիան համտեսեցին թրքական «դեղ»-ին ամբողջական դառնութիւնը:

Տակաւին, Թուրքիա ամենայն ամբարտաւանութեամբ չարաշահեց ու շահու աղբիւրի վերածեց գաղթականներու ողբերգութիւնը: Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, ոչ ոքի համար գաղտնիք պէտք է ըլլայ, թէ Թուրքիա ինչպիսի՛ դեր ու բաժին ունի Սուրիոյ, Իրաքի եւ շրջանի այլ երկիրներու մէջ ստեղծուած արիւնալի պատերազմներուն պատճառով ծայր առած եւ ծանրացած` գաղթականական տագնապին մէջ: Եւ ահա, Էրտողանի Թուրքիան սակարկութեան նստաւ Արեւմուտքի, մասնաւորաբար` Եւրոպայի հետ, յայտարարելով, որ այդ գաղթականներուն դէպի Եւրոպա հոսքը պիտի արագացնէ: Ու եւրոպացի դաշնակից-բարեկամները կուլ տուին այս լեղի դեղահատն ալ, եւ փութացին միլիառաւոր տոլարի օժանդակութիւն տրամադրելու Թուրքիոյ: Անոնք լաւ գիտեն, թէ այդ օժանդակութիւններէն միայն փշուրներ պիտի հասնին գաղթականներուն:

Իսլամ ծայրայեղականներուն հետ գործակցաբար, Թուրքիա նաեւ շահու նոր աղբիւր մը ստեղծեց` կողոպտելով Իրաքի եւ Սուրիոյ քարիւղի հանքերը, իրողութիւն մը, որուն հանդէպ արեւմտեան ռատարները կը յամառին կոյր ձեւանալ: Ի վերջոյ, Ինճիրլիքի օդակայանը դաշնակիցներուն տրամադրելու համար Թուրքիա փոխարժէքներ ունի գանձելիք. ի՞նչ կ՛ըլլայ, եթէ վճարողները ըլլան Սուրիան ու Իրաքը, որուն բողոքները եւս կը բախին խուլ ականջներու:

Էրտողանի Թուրքիոյ ոճրային քաղաքականութեան դրսեւորումներուն ցանկը երկար է. բաւականանանք այսքանով` առանց մտնելու երկրէն ներս ժողովրդավարութեան ու մարդկային-քաղաքակրթական այլ արժէքներու ոտնակոխման ոլորապտոյտներուն մէջ:

***

05-Erdogan_110615

Կրկնենք. վերջին ամիսներու կիրարկումները կասկած չէին ձգեր, թէ Էրտողան իր կորսնցուցած գետինը պիտի «վերագտնէր» ընտրութիւններուն ճամբով: Հետեւաբար կիրակիի ընտրութեանց արդիւնքը զարմանալի չէր. այս հանգրուանին երկրորդական է, թէ Էրտողանի մենատիրական ձգտումները որոշ հակակշիռի տակ կը մնա՞ն, թէ՞ ոչ. իրողական գետնի վրայ դէպքերը ցոյց կու տան, որ ան բռնատէր խաբեբայ մըն է:

Զարմանալի՞ն…

Ուրիշ տեղ պէտք է փնտռել զարմանալին: Զարմանալին այն է, որ այս բոլորին դիմաց, մօտակայ եւ հեռաւոր բարեկամներ ողջունեցի՜ն Էրտողանի վերականգնումը: Արեւմտեան մամուլն ու բանբերներ սկսան այլազան մեկնաբանութիւններով նախատեսել, որ Թուրքիա դէպի բարեշրջում պիտի ուղղուի, քիւրտերուն հետ դրական երկխօսութեան մը համար գետինը հիմա աւելի ամուր է եւ այլն, եւ այլն:

… Կա՛մ այն է, որ Էրտողանի բրտօրէն խլած արդիւնքները դիտողները կոյր կամ շիլ են, կա՛մ ալ այն,  որ Էրտողանի հետ շահակցութիւնը կը դիտուի յուսատու ակնոցով, հոգ չէ թէ քիւրտեր ու արաբներ հազարներով զոհ կու տան Թուրքիոյ երէկի ու այսօրուան ոճրային քաղաքականութեան:

Այս համայնապատկերին դիմաց, շլութիւնն ու կուրութիւնը աններելի են, իսկ շահակցական մեղսակցութիւնը` դատապարտելի: Եւ սակայն, Արեւմուտքը կը նախընտրէ կուլ տալ Էրտողանի ստապատիր վարքագիծէն իրեն հասնող «դեղերը»: Սա դարաւոր սովորութիւն է արդէն…

2 նոյեմբեր 2015

Նախորդը

Ռուս-Թուրքական Լարուածութիւնը Դեռ Կը Պահպանուի. Լեւոն Յովսէփեան

Յաջորդը

Նամականի

RelatedPosts

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

Յուլիս 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

Յուլիս 6, 2019
Դաշնակցական   Մամուլը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Վահան Խորէնի (Տէր Գէորգեան) (1884-1920)

Յուլիս 6, 2019

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?