Ռ. Հ.
Առաւօտուն, երբ խմբագրատուն երթալու ճամբուն վրայ Օք Մէյտանէն կ՛իջնէինք դէպի Քասըմփաշա, ձախիս, ճամբեզրի կանաչ շերտին վրայ տեսայ աղբահաւաք մը, որ մէկ կողմէ մաքրութիւն կ՛ընէր, մէկ կողմէ ալ կը խօսէր իր գրպանի հեռախօսէն:
Ամէն օր ամէն վայրկեան տասնեակներով մարդ կը տեսնեմ գրպանի հեռաձայնէն խօսելով զբաղած, բայց հեռաձայնով խօսող աղբահաւաքի մը առաջին անգամ կը հանդիպէի: Կասկած չկայ, որ աղբահաւաքներու նկատմամբ արհամարհանք չունիմ, բացարձակապէս ըսել չեմ ուզեր, որ աղբահաւաքները արժանի չեն գրպանի հեռախօս գործածելու, իմ նիւթը այդ չէ, ատոր համար չէ՛, որ ուշագրաւ գտած էի առաւօտ կանուխ գրպանի հեռաձայնով խօսող աղբահաւաքի մը պատկերը: Իմ նիւթը ուրիշ էր: Կը մտածէի, որ գործարար մարդու մը, վաճառականի մը, կամ բժիշկի մը, կամ ընկերային սպասարկութեան տեսակէտէ հազարաւոր մարդոց հետ գործ ունեցող մէկու մը համար թէեւ բնական էր, որ ան առտու կանուխ գրպանի հեռաձայնէն խօսելու ստիպուէր, զանազաններու հետ խօսելու հրատապ խնդիրներ ունենար, բայց ինծի հիմա հետաքրքրական ըլլալ կը թուէր տեսնել, որ աղբահաւաք մըն ալ առաւօտ կանուխ կրնար պահանջը զգալ հեռաձայնով մէկու մը հետ կապ հաստատելու:
Հիմա պատրաստ եմ ընդունելու ուրեմն, որ գրպանի հեռաձայնը այլեւս ճակատագիր դարձած է մարդոց համար: Մարդուս առօրեային անբաժան մէկ մասնիկն է ան, եւ հիմա գիտեմ, որ մարդ այսուհետեւ մէկ օր իսկ պիտի չկարենայ ապրիլ առանց գրպանի հեռաձայնի:
Ճիշդն ըսելու համար, մինչեւ որ հնարուեցաւ գրպանի հեռախօսը. ես` միամիտս, բացարձակապէս գաղափար չունէի, թէ հեռաձայնը որքա՛ն կարեւոր գործիք է եղեր մարդոց համար, եւ թէ` մարդիկ օրը քսանչորս ժամ անդադար պէտք է խօսին եղեր հեռաձայնէն: Անհաշիւ ժամանակներէ մինչեւ այսօր. մարդկութիւնը դարեր ամբողջ ինչպէ՞ս կրցեր է ապրիլ առանց գրպանի հեռախօսի. ինչպէ՞ս կրցեր է կեանքը տանիլ առանց ամէն վայրկեան մէկու մը հետ հեռաձայնով խօսելու: Կարելի չէ հասկնալ: Մարդկութիւնը ինչպէ՜ս կրցեր է հարիւրաւոր տարիներ կախեալ մնալ տան կամ աշխատատեղիին մէկ անկիւնը դրուած այդ անշարժ ու տձեւ, անհրապոյր եւ ծանրածանր հեռաձայնի գործիքին, որ թէեւ հրաշալի գիւտ մը ըլլալ կը թուէր մեզի. որուն, սակայն, որքան անբաւարար ու քմահաճ ըլլալը պիտի հասկնայինք այն ատեն միայն, երբ պիտի հնարուէր գրպանի հեռաձայնի գործիքը:
Է՛հ, հիմա կը պատկերացնենք ու կը հասկնանք: Մարդկութիւնը ի՛նչ խղճալի վիճակ ունի եղեր հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր եւ չէինք գիտեր: Մարդ կրնա՞յ ամէն վայրկեան սպասել տան կամ աշխատատեղիին հեռաձայնի գործիքին քով, մարդ փողոց ալ պիտի չելլէ՞, դուրսը ճամբորդութիւն ալ պիտի չընէ՞, գործի երթալու համար կամ պարզապէս պտըտելու համար փոխադրամիջոց մը պիտի չգործածէ՞, փողոցը պիտի չքալէ՞, սրճարանի մը մէջ պիտի չնստի՞, գոնէ ճեմիշ մը պիտի չերթա՞յ: Ինչպէ՞ս կրցեր է այս բոլորը ընել առանց գրպանին մէջ գրպանի հեռախօս մը ունենալու:
Ա՛լ խօսքը չեմ ըներ Կրահամ Պելի նախորդող խաւարակուլ այն դարերուն, որոնց ընթացքին հեռաձայնի ընկալուչ ըսուած այդ նախնական ու յետամնաց գործիքն ալ չէր հնարուած տակաւին ու մարդիկ իրարու հետ կը խօսէին նամակով, կամ հեռագրով, կամ պարզապէս իրարու հետ չէին խօսեր խօսելու անկարելիութեան պատճառով: Սա մանկամարդ աղջիկը, որ հիմա ամէն վայրկեան գրպանի հեռախօսը կը բանայ ու ասոր անոր կը հարցնէ, թէ «ինչպէ՞ս ես, ի՞նչ կ՛ընես հիմա, ո՞ւր ես հիմա, օդը հոն ինչպէ՞ս է, ես հոս շատ լաւ եմ» եւ այլն, այդ շրջանին նամակ գրելո՞վ, կամ հեռագիր քաշելո՞վ էր, որ պիտի հարցնէր իր ընկերուհիին կամ ընկերոջ որպիսութիւնը կամ ուր ըլլալը, սա պահուն ի՛նչ ընելը:
Իրաւ որ հրաշք էր, որ մարդկութիւնը այդքան երկար տարիներ կրցաւ ապրիլ, զարգանալ, մշակոյթ ստեղծել, պատմութիւն գրել առանց հեռաձայնի գործիք ունենալու, հեռաձայնի գործիք` սեղանի կամ գրպանի: Մայր Բնութիւնը ի՛նչ չարիք գործեր է անցեալ շրջաններու մարդոց, որոնք այսօր իրենց լեզուն պիտի կլլէին, եթէ տեսնէին, թէ իրենց յաջորդները այժմ ճեմիշի մէջ նստած վիճակով իսկ քաղցրօրէն եւ անվերջանալիօրէն կը զրուցեն իրենց սա կամ նա բարեկամին հետ:
Այսօր այլեւս ճշգրիտ կերպով չեմ գիտեր, թէ քանի՛ միլիառ մարդ կ՛ապրի երկրագունդին վրայ, բայց կը պատկերացնեմ, որ այդ միլիառաւոր մարդիկը անպայման գրպանի հեռաձայն մը ունին իրենց գրպանին մէջ, կամ ձեռքը, կամ աւելի ճիշդ` իրենց ականջին փակած: Անոնք իրենց ժամանակին գլխաւոր մասը կ՛անցընեն հեռաձայնէն խօսելով: Եւ կ՛ամչնամ ըսելու, որ ես տակաւին այն բացառիկ յետամնացներէն մէկն եմ, որ գրպանի իր հեռախօսը չի գործածեր: Ճիշդ է, հիմա ես ալ ունիմ գրպանի հեռախօս մը, թէեւ ամէնէն հին տեսակէն, բայց բնաւ չեմ գործածեր զայն, ո՛չ մէկը կը փնտռէ զիս, ես ալ ոչ մէկը կը փնտռեմ: Ես դեռ իմ գործս կը տեսնեմ սեղանիս վրայ դրուած հնամենի հեռախօսի անշարժ գործիքով: Գիտեմ, որ ասիկա պատիւ չի բերեր ինծի. ասիկա զիս անկարեւոր ու երկրորդ կարգի մարդ կը դարձնէ, բայց ի՛նչ ընեմ, որ ես գրպանի հեռախօսի կարիքը չեմ զգար, երբ տանս մէջ եմ, կամ` աշխատատեղիիս:
Օր մը մարդիկ պիտի ձանձրանա՞ն այսօրուան գրպանի հեռաձայնէն եւս, զայն զամբիւղ պիտի նետե՞ն, կամ գրպանի հեռախօսէն ա՛լ աւելի կատարելագործեալ նոր գործիք մը պիտի հնարուի՞, չեմ գիտեր: Նաեւ չեմ գիտեր, թէ պէտք է նախանձի՞մ այն մարդոցմէ, որոնց համար գրպանի մէկ հեռախօսն ալ քիչ կու գայ, որոնք առնուազն երկու գործիք կը գործածեն ամէն վայրկեան: