ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
«Փերինչեքը ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) Վերին պալատը, դատաւորներու 10 կողմ, 7 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ, հաստատեց թուրք քաղաքական գործիչին խօսքի ազատութեան իրաւունքը` գտնելով, որ Զուիցերիոյ դատարանները զայն ի զուր դատապարտած էին Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման համար:
Մեզի համար աւելի կարեւոր է, Վերին պալատը հակադրուեցաւ Ստորին պալատի 2013 թ. դեկտեմբեր 17-ի անհիմն որոշման, որ կասկածի տակ առած էր Հայոց ցեղասպանութեան վաւերականութեան փաստը: 2015 թ. հոկտեմբեր 15-ին ՄԻԵԴ-ի Վերին պալատը ուղղեց այդ իրաւասութեան հարցը` որոշում կայացնելով, որ այս գործով դատարանին խնդիրը չէ որոշելու «արդեօք Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915 թուականին հայ ժողովուրդի նկատմամբ կատարուած զանգուածային կոտորածներն ու տեղահանումները կրնան որակուիլ ցեղասպանութիւն` միջազգային իրաւունքի մէջ այդ հասկացողութեան տրուած բովանդակութեան տեսանկիւնէն, որ որեւէ իրաւասութիւն չունի իրաւական յայտարարութիւններ ընելու այս հարցին վերաբերեալ, անկախ անկէ, թէ ո՛ր տեսանկիւնէն կը կատարուի ատիկա»: Այս էր տասը դատաւորներուն կայացուցած վճիռը, որոնք քուէարկած էին յօգուտ Փերինչեքի:
Մնացեալ եօթը դատաւորները ոչ միայն չհամաձայնեցան մեծամասնութեան կայացուցած որոշման` ի նպաստ Փերինչեքի, այլեւ վերահաստատեցին Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտացիութիւնը. «Այն, որ հայ ժողովուրդի կոտորածները եւ տեղահանութիւնները կը համարուին ցեղասպանութիւն, կասկածէ վեր է®. Հայոց ցեղասպանութիւնը յստակօրէն ամրագրուած պատմական փաստ է: Ժխտել զայն` կը նշանակէ ժխտել ակնյայտը: Բայց ասիկա չի վիճարկուիր այստեղ: Այս գործը պատմական ճշմարտութեան կամ 1915 թուականի իրադարձութիւններու իրաւական գնահատական տալու մասին չէ: Իրական խնդիրը այս գործին մէջ այն է, որ արդեօք պետութիւնը, առանց խախտելու իր հայեցողութեան շրջանակը, կրնա՞յ քրէական յանցագործութիւն համարել ցեղասպանութիւն վերապրած ժողովուրդի յիշողութիւնը վիրաւորելը: Մեր կարծիքով, ասիկա իրօք հնարաւոր է», գրած են եօթը դատաւորները իրենց տարակարծութիւնը արտայայտող համատեղ կարծիքին մէջ:
Այնուամենայնիւ, Վերին պալատը յանգեցաւ որոշ անհիմն եզրակացութիւններու, որոնք անտրամաբանական են եւ առողջ դատողութեան մէջ չեն տեղաւորուիր: Դատաւորներուն մեծ մասը ներկայացուց այն անիմաստ փաստարկը, թէ քանի որ Փերինչեքի յայտարարութեան եւ 1915 թ. «ողբերգական դէպքեր»-ուն միջեւ անցած է 90 տարի, ուստի Զուիցերիան կարիք չունէր կարգաւորելու անոր ելոյթը: Կ՛ենթադրուի, որ վաղեմութեան պատճառով Փերինչեքի ժխտողականութիւնը հայերուն համար դարձած էր նուազ տագնապալից: Ինչպէս մատնանշած են տարակարծիք եօթը դատաւորները, մեծամասնութեան դիրքորոշումը կը խախտէ «այն սկզբունքը, որ վաղեմութեան ժամկէտ չի կիրարկուիր պատերազմի յանցագործութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու նկատմամբ»:
Դատաւորներուն մեծամասնութիւնը նաեւ ներկայացուց կասկածելի փաստարկ մը, որպէսզի արդարացնէ, թէ ինչո՛ւ Ողջակիզումի ժխտումը յանցանք է, եւ ոչ թէ` ազատ արտայայտուելու իրաւունքի խախտում: Անոնք կը կարծեն, որ Ողջակիզումի ժխտումը «հակաժողովրդավարական գաղափարախօսութիւն» եւ «հակասեմականութիւն» է, մինչդեռ կը պնդեն, որ Փերինչեքի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը «հայերու եւ թուրքերու միջեւ լուրջ բախումներ»-ու չէ յանգեցուցած Զուիցերիոյ մէջ: Բացի այդ, պնդած են, որ ուղիղ կապ կայ Ողջակիզումի ժխտման եւ շատ մը եւրոպական «պետութիւններու միջեւ, որոնք իրենց վրայ զգացած են նացիական սարսափները», սակայն համանման կապ չեն գտած Զուիցերիոյ եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջեւ:
Դատաւորներու նախորդ փաստարկներուն մէջ առկայ են քանի մը խնդիրներ.
– Որեւէ ցեղասպանութեան հերքման գործին մէջ պէտք չէ երկակի չափանիշ ըլլայ: Եթէ Ողջակիզումի ժխտումը յանցագործութիւն է, ուստի այդպէս պէտք է համարուի նաեւ միւս ցեղասպանութիւններու ժխտման պարագային: Արտօնեալ վերաբերմունքը որոշ ցեղասպանութիւններու զոհերու, սակայն` ոչ բոլորի հանդէպ, ամօթալի խայտառակութիւն է: Իբրեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ հրապարակուող թերթի խմբագիր` ես բնականաբար խօսքի ազատութեան խիստ պաշտպանուածութեան ամերիկեան մօտեցման ջատագովն եմ, քան` աւելի սահմանափակող եւրոպական սկզբունքին: Սակայն, անկախ անկէ, թէ որ իրաւական համակարգին կը հետեւինք, ցեղասպանութեան զոհերու միջեւ խտրականութիւնը անընդունելի է:
– Դատաւորներուն մեծամասնութիւնը բազմիցս նշած է, թէ քանի որ Փերինչեքի ժխտումը չէ յանգեցուցած հասարակական անկարգութիւններու հայկական համայնքին կողմէն, ուստի զուիցերիական դատարանները պէտք չէ դատապարտէին զայն: Սարսափելի է, որ նման վտանգաւոր յայտարարութիւն ընելով` Վերին պալատը, ըստ էութեան, կը հրահրէ հայերը դիմելու բռնութեան, բաւարարելու համար դատարանին պահանջը, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը կրնայ քրէականացուիլ միայն այն պարագային, եթէ անոր յաջորդեն որոշ բռնարարքներ: Քանի որ Զուիցերիոյ հայերը գործած են քաղաքակիրթ ձեւով, ոստիկանութեան դիմելով եւ հայց ներկայացնելով` Փերինչեքի նկատմամբ ֆիզիքական ուժ կիրարկելու փոխարէն, այժմ անոնց կ՛ըսեն, որ իրենց օրինական պահանջը անվաւեր է, քանի որ հասարակական կարգը չեն խախտած…
– Պատմական սխալ է պնդել, որ Զուիցերիոյ եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջեւ կապ գոյութիւն չունի: 1890 թ. աւելի քան 400 հազար զուիցերիացիներ միջնորդագիր ստորագրած էին համիտեան ջարդերուն դէմ բողոքելու համար: Զուիցերիացի միսիոնարները անթիւ հայ որբեր փրկած են Ցեղասպանութեան ժամանակ եւ անոնց ապաստան տուած` Զուիցերիոյ մէջ:
Բարեբախտաբար Վերին պալատը չպահանջեց, որ Զուիցերիան փոխէ ցեղասպանութեան ժխտման մասին իր օրէնքները, նկատի ունենալով, որ այս օրէնքը պարզապէս սխալ կիրարկուած է Փերինչեքի պարագային: Հետեւաբար Յունաստանը, Կիպրոսը եւ Սլովաքիան կարիք չունին փոխելու Հայոց ցեղասպանութեան հերքման քրէականացման մասին իրենց օրէնքները:
Ուրախալի է նաեւ, որ դատարանը մերժեց Փերինչեքի` 135 հազար եւրոյի վնասի եւ դատական ծախսերու փոխհատուցման պահանջը:
Պէտք է բարձր գնահատել միջազգային փաստաբաններ Ճեֆրի Ռոպըրթսընի եւ Ամալ Քլունիի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանի բացառիկ ջանքերը դատարանին մէջ Հայաստանը ներկայացնելու ժամանակ եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ճշմարտութիւնը պաշտպանելու գծով:
Թարգմանութիւնը կատարեց
Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց
ԵՌԱԳՈՅՆ-ը