Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրապարակային Քննարկում-Արձագանգ 1. Կատարուածը Կատարուած Է

October 20, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

vaho_10-19-15

Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) Մեծ պալատը 15 հոկտեմբերին հրապարակեց «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործով իր վճիռը, որ կը նշէր, թէ Պեռն  ոտնակոխած է Զուիցերիոյ մէջ հրապարակաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտած Տողու Փերինչեքի խօսքի իրաւունքը, ինչպէս նաեւ կը պաշտպանէր հայ ժողովուրդի «արժանապատուութեան իրաւունքը»:

ՄԻԵԴ-ի Մեծ պալատը պահպանեց գլխաւոր հարցին` Զուիցերիոյ կողմէ Փերինչեքի խօսքի ազատութեան իրաւունքի ոտնակոխման վերաբերեալ Ստորին պալատի վճիռը: Այդպիսով, Զուիցերիան կրեց պարտութիւն մը, որ անդառնալի է, որովհետեւ Մեծ պալատին վճիռները վերջնական են եւ անբեկանելի: Ինչ կը վերաբերի Ստորին պալատին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը կասկածի տակ առնելու կոպիտ սխալին, Մեծ պալատը զայն չսրբագրեց, այլ բաւարարուեցաւ նշելով, որ չունի «1915-ի դէպքեր»-ը գնահատելու լիազօրութիւնը: Այդպիսով, վիժեցաւ իրաւական գետնի վրայ վտանգաւոր նախադէպ մը, որ մեծ վնաս պիտի պատճառէր ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման հոլովոյթին: Վճիռին այս բաժինին մէջ արձանագրուածը կարելի է նկատել յաջողութիւն մը եւ ոչ թէ յաղթանակ մը, որովհետեւ յաղթանակը կ՛ենթադրէր ազդեցիկ դատարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան փաստի վերահաստատում մը եւ ոչ թէ այդ առնչութեամբ խուսափողական կեցուածք մը: Դատարանը ոչ միայն չվերահաստատեց այդ փաստը, այլ նաեւ խօսքի ազատութեան իրաւունքի սխալ մեկնաբանութեան իբրեւ հետեւանք, հայ ժողովուրդի իրաւունքը իջեցուց «արժանապատուութեան իրաւունք»-ի եւ «անձնական կեանքի նկատմամբ յարգանքի» իրաւունքի մը մակարդակին:

Միւս կողմէ, հակառակ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պնդումին, Թուրքիան եւս յաղթանակ մը չարձանագրեց, այլ յաջողեցաւ ցեղասպանութիւնը ժխտելու պայմանական իրաւունք մը ձեռք ձգել: Դատարանը իրաւունք տուաւ ատիկա կատարել, պայմանով որ ժխտողական յայտարարութիւնը չբովանդակէ «ատելութեան կամ անհանդուրժողականութեան կոչ մը»: Այլ խօսքով` ՄԻԵԴ-ի համար, եթէ ցեղասպանութեան ճանաչումը բացարձակ իրաւունք է, ապա ցեղասպանութեան ժխտումը պայմանական իրաւունք է: Ստորին պալատին կողմէ ցեղասպանութիւնը հարցականի տակ առնելու սխալէն Մեծ պալատին կատարած ետքայլը Թուրքիան զրկեց մեծ յաղթանակէ մը, որուն այնքան մօտ կը թուէր ըլլալ:

Այս բոլորին լոյսին տակ, բացի Զուիցերիայէն, առնչակից բոլոր կողմերն ալ կը թուին բաւարարուած ըլլալ: Շնորհիւ Զուիցերիոյ կողմէ Ստորին պալատի վճիռի բողոքարկման, կարելի եղաւ կրճատել մեր վնասները: Այժմ, ինչպէս անգլերէն ասացուածքը կ՛ըսէ` «Կատարուածը կատարուած է» (what’s done is done), սակայն կրնար աւելի վատը ըլլալ: Ստորին պալատի ահաւոր վճիռէն մազապուրծ փրկուելէ եւ ցեղասպանութեան քրէականացման հարցին մէջ մեր 2-րդ ձախողութենէն ետք (առաջինը` Ֆրանսայի մէջ), ինչպէս նաեւ Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Սլովենիոյ մէջ նոյնպիսի թրքական սադրանքներու կարելիութեան լոյսին տակ պահն է այս փորձառութենէն դաս քաղելու:

Վճիռին մանրամասնութիւններէն անդին անհրաժեշտ է նաեւ նշել հետեւեալը. ցեղասպանութեան ճանաչման իրաւունքի` «արժանապատուութեան իրաւունք»-ի եւ «անձնական կեանքի նկատմամբ յարգանքի» խորքին մէջ բարոյական կեցուածքներու մակարդակին նուազեցումն ու ցեղասպանութեան ժխտումի պայմանական իրաւունքի ամրագրումը  ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարուան ընթացքին կարգ մը երկիրներու կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչման դրական երեւոյթին կողքին մինչեւ օրս արձանագրուած միակ շօշափելի, երկարատեւ ու գործնական ազդեցութեան տէր զարգացումն է:

 

 

Նախորդը

«Գարակէօզեան» Հիմնարկի Բարերարներու Հոգեհանգիստ` Այնճարի Մէջ

Յաջորդը

Կիպրոսը Վեթոյի Պիտի Ենթարկէ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութիւնը

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Հայ Դաստիարակին Կոչումը Երէկ Եւ Այսօր (Ուսուցչաց Տօն)

March 9, 2026
Նամականի
Անդրադարձ

Մեր Խարիսխը Արդէն Ձեր Ծովուն Յատակին Է. Ֆրանսայի Հակահետախուզական Գործակալութիւնը Խիստ Զեկոյց Մը Հրապարակած Է Երկրին Մէջ «Իսլամ Եղբայրներ»-ու Գործունէութեան Մասին

March 9, 2026
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Պուրճ Համուտ (4)
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Պուրճ Համուտ (4)

March 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.